HTAC Press Office
St. Sahag St. Mesrop Armenian Saturday School of the Holy Trinity Armenian Apostolic Church completed a very busy and a successful academic year on June 6, 2015. Students, educators, and parents ended the last day of school with a celebration of their achievements. Ani-1 students received recognition for learning the Armenian alphabet. They recited poems with great ease and confidence greatly impressing their audience. Twelve students received a “Star Student” ribbon and a small token for never being absent during the entire school year and six students received a small token for being absent only one time. All classes participated in reciting poems. After their beautiful dance performance, Grade 6 students invited everyone to join them in dancing the shourtchbar (շուրջպար).
Senior Kindergarten graduation ceremonies took place on June 13th. Congratulations to fourteen students who received their first diploma in academe! The school’s 59th academic year ended with a glorious Choir Recital. Grades 1-8 students, under the direction of Mrs. Nata Navassartian, filled our souls with their beautiful voices. They sang in perfect harmony and clear pronunciation. A superb performance! Over 300 people in Magaros Artinian Hall listened with awe and appreciation; they encouraged the young performers enthusiastically.
It was an honour to have in attendance His Grace Bishop Abgar Hovakimian the Primate of Canadian Diocese of the Armenian Church, Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Chairperson of Diocesan Council Mrs Apet Alpay, Parish Council Chair Mr Ohan Ohannessian, Parish Council members, and past Principals Mr Vartan Vartanian (1st principal), Mrs Arshalouys Kandaharian, Mr Yetvart Balian. It was a pleasant surprise and an honour to have Mr Berge Setrakian, President of AGBU, New York as well as Mr. Berge Papazian, President of Armen Ontario among the distinguished guests. In his speech, Mr Setrakian expressed his joy and congratulated the school and church officials for their tireless efforts for the preservation of the Armenian faith and culture.
Grade 8 Graduation took place on Sunday, June 14th in the Holy Trinity Armenian Apostolic Church. His Grace Bishop Abkar Hovakimian and Archpriest Fr. Zareh Zargarian presided over the beautiful ceremony. Sixteen students impressed the audience with their presentations.
A sincere appreciation goes to Principal Dr Arpi Panossian Muttart, Vice-Principal Mr Ara Ter Haroutunian, School Council members, home-room teachers Mr. Antranik Tchiligirian and Mrs Marieta Gasparian, and the teaching staff for preparing the 59th graduating class. Students were praised for their hard work and persistence to complete their studies at Saturday School and were encouraged to continue learning Armenian and to volunteer in the community. They proudly received their awards and diplomas and celebrated their achievement at a beautiful reception organized by their parents.
The Grade 8 graduates will take part in the pilgrimage to Armenia trip from July 7 to 23. We wish them Bon Voyage and look forward to welcoming them and hearing their wonderful stories.
Յունիս 6-ը դպրոցին վերջին օրն էր: Ծնողներու ներկայութեամբ, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը աւարտեցինք աշակերտներու փոքր հանդիսութեամբ: Անի (Առաջին) դասարանի աշակերտները ստացան Հայերէն Այբուբենի գնահատագիր, շատ լաւ սորվելու եւ տառերը ճանչնալու համար: Անոնք շատ դիւրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ: Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտները մեկնաբանեցին “Մուշ- Մուշ” երգը, գեղեցիկ պարով մը, խանդավառելով մթնոլորտը: Տասներկու աշակերտներ ստացան ժապաւէններ, որպէս «Լաւագոյն Աշակերտ»։ Անոնք որոնք բացակայութիւն չէին ունեցած ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, ստացան գնահատագիրեր: Իսկ 6 աշակերտներ որոնք միայն մէկ օր բացակայած էին ստացան փոքր նուէրներ: Աւարտին, Զ. դասարանի աշակերտները, իրենց պարը կատարելէ ետք, բոլոր ներկաները հրաւիրեցին մասնակցելու շուրջպարին:
* * *
Յունիս 13-ին տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի աւարտական հանդէսը: 14 փոքրիկ հրեշտակներ բեմ բարձրացան ստանալու իրենց դպրոցական առաջին վկայականը: Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ Վարժարանի 59-րդ դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցինք շքեղ երգահանդէսով մը, մասնակցութեամբ Ա. – Ը. դասարաններու աշակերտներուն՝ խմբավարութեամբ Տիկին Նադա Նաւասարդեանի: Աշակերտները գեղեցիկ ձայներով եւ չափազանց ներդաշնակութեամբ երգեցին: 300-է աւելի ներկաներ հիացումով ու խանդավառ ծափահարութիւններով թնթացուցին Մակարոս Արթինեան սրահը:
Հանդէսին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Օհան Օհաննէսեան, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, նախկին տնօրէններ Պրն. Վարդան Վարդանեան (առաջին տնօրէն), Տիկ. Արշալոյս Գանտահարեան եւ Պրն. Եդուարդ Պալեան:
Մեզի համար մեծ պատիւ էր վայելել ներկայութիւնը ՀԲԸՄ-ի նախագահ՝ Պրն. Պերճ Սեդրակեանին եւ Արմէն Օնթարիոյի նախագահ՝ Պրն. Պերճ Փափազեանին։ Իր խօսքին մէջ Պրն. Սեդրակեան ուրախութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց վարժարանի անձնակազմն ու եկեղեցւոյ պատասխանատուները իրենց նուիրումին համար՝ վառ պահելու հայու հաւատքն ու մշակոյթը նոր սերունդին մէջ։
* * *
Յունիս 14-ին Ը. դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի։ 16 աշակերտներ իրենց գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կատարողութեամբ ելոյթ ունեցան: Շնորհակալութեան խօսք կ’ուղղենք Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանին եւ Տիկ. Մարիետա Գասպարեանին՝ 59-րդ աւարտական հունձքը պատրաստելու համար:
Աշակերտները բարձր գնահատուեցան իրենց քրտնաջան եւ յարատեւ աշխատանքին համար, զոր ցոյց տուին ամբողջ ուսումնական տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ խրախուսուեցան շարունակելու հայերէն սորվիլ ու մասնակից դառնալ կամաւոր աշխատանքներու այս հաստատութենէն ներս: Անոնք հպարտութեամբ ստացան իրենց պարգեւներն ու վկայականները:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ խրախճանք, որ կազմակերպուած էր շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներուն կողմէ:
* * *
Ը. դասարանի աշակերտները դէպի հայրենիք ուխտագնացութիւն մը ունին Յուլիսի 7-էն 23։ Բարի ճանապարհ կը մաղթենք ու անհամբեր կը սպասենք իրենց վերադարձին, լսելու իրենց փորձառութիւնները։