Sassoun Dance Performed in Australia

Sassoun Dance Performed in Australia

Sassoun Dance Ensemble’s Performance in Australia

Sevag Avakian

The Holy Trinity Armenian Church’s Sassoun Dance Ensemble has an active role in bringing Armenian youth and children of Toronto together, where they practice twice a week for the annual performances, presenting traditional and modern Armenian dances, along with other cultural dances  under the guidance of Artistic Director & Choreographer, Sevag Avakian, and Assistant Director & Costumes Coordinator, Sareen Avakian.

Sassoun 1

Aside from performing annually, at multicultural shows, and with local & international Armenian singers, the group also has an impressive resume of performances internationally. They have performed in Armenia, Karabagh, U.S.A., Argentina, Uruguay, and most recently in Australia. On July 31, 2015 Sassoun Dance Ensemble embarked on yet another spiritual and cultural pilgrimage to Sydney & Melbourne Australia. Upon arrival in Sydney, their first stop after the airport was the Armenian Apostolic Church of Holy Resurrection, where they took part in holy mass, followed by a warm welcome lunch organized by the community for the group of 19 from Toronto. The same evening, they were invited to AGBU Sydney, to meet the youth, the organizing committee, and especially the newly formed  Tamzara Dance Ensemble of Sydney. The two groups of Armenians from different continents instantly hit it off, as if they have been in each other’s company for years. The following week was filled with interaction with the youth of the community and with tours of the beautiful city of Sydney including the famous Opera House, Harbour Bridge, Kangaroo & Koala zoo, and much more. On August 9, the group started their day early in the morning with rehearsals of their 16 dances they were ready to present to the community of Sydney, under the auspices of His Grace Primate Bishop H. Najarian. Taking part in Sassoun Dance Ensemble’s debut performance in Sydney was folk singer from Armenia Murad Malkhasyan and the newly formed Tamzara Dance Group of Sydney who performed their debut dance during the show. The sold out theatre of over 500 people was ecstatic and overwhelmed by each dance. The group of 16 dancers performed 16 dances which were previously performed in Toronto with all 40 senior members of the group. At the end of the performance, Bishop Najarian congratulated and acknowledged the instructors and the group for their hard work and ability to keep Armenian culture alive in a foreign land.

W IMG_0818

Afterwards, there was a surprise for the audience, Sassoun & Tamzara dance groups suddenly began dancing together to the song entitled “Miasnutyan Shurchbar” which was very fitting for the theme of the evening, bringing together Armenians from around the world, and together dancing the dances of our forefathers and further strengthening the Armenian culture and traditions. Sassoun Dance Ensemble was invited once again to AGBU Sydney on the last day where they received a commemorative plaque from the organizing committee acknowledging their debut performance in Sydney Australia. The group continued their trip to Melbourne Australia where they toured the city and met with local Armenian youth, before returning home on August 16, 2015. Sassoun Dance Ensemble would like to extend special appreciation to Mr. John Satouri, the group’s liaison to Parish Council of Holy Trinity and his wife, Margritte Satouri for accompanying the dancers during the trip to Australia.

With the love and care of the Parish Priest, Fr. Zareh Zargarian, and the support of community members Sassoun Dance Ensemble now prepares for their 12th season which will begin with registrations on September 4, 2015 at 8pm for seniors 14 years old and older, and on September 8, 2015 at 8pm for juniors 8-13 years old at Holy Trinity Armenian Church, 920 Progress Ave., Toronto, ON. For details please call 416-431-3001.

W IMG_0600

 

«ՍԱՍՈՒՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական  եկեղեցւոյ «Սասուն» պարային համոյթը կարեւոր դեր կը կատարէ Թորոնթոյի երիտասարդներն ու մանուկները իրարու քով հաւաքելով՝ անոնց հայկական ժողովրդական, ժամանակակից եւ այլ մշակոյթներու պարերարուեստին ծանօթացնելուն մէջ: Պարախումբի փորձերը տեղի կ’ուենան շաբաթը 2 անգամ՝ ղեկավարութեամբ   Պարուսոյց եւ Գեղարուեստական Ղեկավար  Սեւակ Աւագեանի եւ Գեղարուեստական Ղեկավարի  Օգնական եւ Տարազներու Համադրող Սարին Աւագեանի:

Իրենց տարեկան ելոյթէն զատ «Սասուն»-ը իր պարային արուեստը  ներկայացուցած  է Գանատայի եւ  աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած մշակութային հանդէսներէն ներս, ինչպէս նաեւ հրաւէրով  մասնակցած  է հայ արուեստագէտներու ելոյթներուն: Պարախումբը իր գեղարուեստական կատարումներով հանդէս եկած է Հայաստանի, Արցախի, ԱՄՆ-ի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ նաեւ  Աւստրալիոյ բեմերու վրայ: Վերջերս պարախումբը ձեռնամուխ եղաւ  մշակութային եւ հոգեւոր ուխտագնացութեան մը դէպի  Աւստրալիոյ Մելպուրն եւ Սիտնի քաղաքները:  Յուլիս 31-ին պարախումբի անդամները  ժամանեցին Սիտնի եւ այցելեցին Ս. Յարութիւն Հայց. Ս. եկեղեցի՝ մասնակցելով Ս. Պատարագին:  Յաւարտ Ս. Պատարագի մեր 19 պարող/պարուհիները արժանացան ջերմ ընդունելութեան եւ պատիւը ունեցան մասնակցելու կազմակերպուած ճաշկերոյթին:  Նոյն օրը երեկոյեան, անոնք  հրաւիրուած էին Սիտնիի Հ.Բ.Ը. Միութիւն, ուր հանդիպում ունեցան  երիտասարդութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ յատկապէս համայնքի նորաստեղծ «Թամզարա» պարախումբին հետ: Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն իրարու հանդիպած երիտասարդներու այս խումբերու միջեւ անմիջապէս ստեղծուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ մը: Յաջորդ շաբթուայ ընթացքին  «Սասուն»-ի անդամները ժամանակ անցուցին եւ մօտէն  ծանօթացան համայնքի երիտասարդներու հետ, ինչպէս նաեւ  այցելեցին Սիտնիի տեսարժան վայրերը: Օգոստոս 9-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն խումբը  կը փորձեր իր  պարերու շարքը, զոր այդ երեկոյ պիտի ներկայացնէր Հայ Մշակոյթի Երեկոյին՝  հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ Թեմի Գերաշնորհ Առաջնորդ Եպս.  Հ. Նաճարեանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի : Աւստրալիոյ մէջ «Սասուն» պարախումբի առաջին  ելոյթն էր այս, որուն մասնակցեցաւ նաեւ յատուկ հրաւէրով Հայաստանէն ժամանած երգիչ Մուրադ Մալխասեանը: Երեկոյի ընթացքին իր անդրանիկ ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ «Թամզարա» պարախումբը: Թատերասրահը լեցուն էր 500-է աւելի հանդիսատեսներով, որոնք հմայուած էին  պարողներու կատարողական արուեստով: «Սասուն» պարախումբը ներկայացուց 16 պարեր՝ Թորոնթոյի իրենց ելոյթներու պարացանկէն: Երեկոյի աւարտին Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանը շնորհաւորեց ու գնահատեց պարուսոյցներն ու պարողները իրենց տքնաջան աշխատանքին համար, նաեւ գնահատեց օտար ափերու վրայ  հայ մշակոյթը կենդանի պահելու իրենց կարողութիւնը:  Երեկոն անսպասելի  անակնկալ մը եւս ունեցաւ հանդիսատեսներու համար, երբ  «Սասուն» եւ «Թամզարա» պարախումբերը  միասնաբար պարեցան  «Միասնութեան Շուրջպար» երգի ներքոյ, որ խոհրդանշական էր երեկոյի նպատակին՝ իրարու շուրջ հաւաքել աշխարհի հայերը եւ միասնաբար պարելով մեր նախահայրերու պարերը  ամրապնդեն հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Սիտնիի Հ.Բ.Ը . Միութեան  Հայ Մշակոյթի Երեկոյի  կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ «Սասուն» պարախումբը ստացաւ  գնահատանքի յուշանուէր՝ Աւստրալիոյ մէջ  իրենց առաջին ելոյթի կապակցութեամբ:  Խումբը շարունակեց իր ճամբորդութիւնը  դէպի Մելպուրն ուր առիթը ունեցաւ  հանդիպելու տեղւոյն հայ երիտասարդութեան եւ ծանօթանալու քաղաքին: Օգոստոս 16-ին խումբը վերադարձաւ Թորոնթօ: Սասուն պարախումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ  Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ  Ծխական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Պրն. Ճօն Սաթուրիին եւ իր տիկնոջ Տիկ. Մարգարիտ Սաթուրիին այս ուղեւորութեան ընթացքին պարախումբին ուղեկցելու եւ քաջալերելուն համար:

Ծուխի քահանայ Տէր Զարեհ Ա.Քհնյ. Զարգարեանի հովանաւորութեամբ  եւ համայնքի անդամներուն աջակցութեամբ «Սասուն» պարախումբը պիտի շարունակէ իրենց աշխոյժ գորժունէուջիւնը:  12-րդ տարեշրջանի փորձերը կը սկսին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ  «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ՝ 920 Progress Ave., Toronto, ON.  14 տարեկանէն վեր պատանիներու Աւագ խումբի  արձանագրութիւնները կը կատարուին Սեպտեմբեր 4, 2015-ին երեկոյեան Ժամը 8-ին, իսկ  8- 13 տարեկաններու Կրտսեր խումբի համար՝ Սեպտեմբեր 8, 2015-ին երեկոյեան Ժամը 8-ին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել  416-431-3001 թիւին:


W IMG_0459

 

Donate