Public Meeting With His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan

Public Meeting With His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan

HTAC Press Office

At the invitation of the Chaplain General of the Canadian Armed Forces (CAF) Brigadier General Guy Chapdelaine, His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan, Head Chaplain of the Armed Forces of the Republic of Armenia, is visiting Canada from March 2 -10, 2017. On Sunday, March 5, 2017 Bishop Abrahamyan participated in the Divine Liturgy at Holy Trinity Armenian Church and delivered the sermon. His Grace Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Diocese of Canada, welcomed and extended his best wishes to the honorable guest. Also attending was Rev. Dr. Karen Hamilton, General Secretary of the Canadian Council of Churches.

 

On the occasion of the 25th Anniversary of Armenia’s Armed Forces and the 20th Anniversary of Armenia’s Armed Forces Chaplaincy, following the Liturgy, and under the auspices of His Grace Bishop Abgar Hovagimian, Primate, a public meeting with His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan took place at the «Magaros Artinian» Hall of Holy Trinity Armenian Apostolic Church.

Bishop Abrahamyan presented a report about the Armed Forces of the Republic of Armenia, and the services provided by the chaplaincy to soldiers. He spoke about the positive role of installing strong faith in our soldiers, their victories, as well as the challenges they face.  In his report Bishop Abrahamyan talked about over 50 clergy members who are serving in the army next to their brothers in uniform.


His Grace Bishop Abrahamyan extended his heartfelt appreciation to the Canadian Diocese of the Armenian Church and all the faithful for their support and care towards the Armed Forces of the Republic of Armenia.

Bishop Abrahamyan expressed his deep appreciation to Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Canadian Diocese and Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church for over 25 years, for constantly being in contact, inquiring about the situation and never failing to extend his helping hand to the Armed Forces Chaplaincy, soldiers and families. By the order of the RA Minister of Defence, Mr. Vigen Sargsyan, His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan awarded Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian with the Medal of “Andranik Ozanyan” of the Armed Forces for his considerable input and assistance in the betterment of the Armenian Army.

Bishop Abrahamyan awarded Deacon Murad Karakas with the Medal of “Garegin Nzdeh” of the Armenian Armed Forces for his considerable input in strengthening faith and Christian education of the Armenian Army through the Armed Forces of the Chaplaincy.

Bishop Abrahamyan recognized Mr. Migrdic Migrdiciyan, Chairman of Hayastan Foundation Toronto and Master of Ceremonies of the day, as well as Deacon Berc Luleciyan, for their humanitarian contributions towards the  betterment of the Armed Forces of Armenia.

His Grace Bishop Abgar Hovakimian expressed his appreciation and congratulations and delivered his closing remarks.

The presentation was very well received by over 200 Toronto Armenians present. Many approached and expressed their willingness to be part of the efforts towards the the betterment of the Armed Forces of Armenia.


The following Representatives from the Republic of Armenia and Armenian Organizations in Toronto were present to welcome Bishop Abrahamyan

Mr. Richard Sevazlian, Honorary Consul of the Republic of Armenia to Ontario; Mr. Vardan Gevorgyan, Deputy Minister and Mr. Karen Ghahramanyan, Chief of Staff of the Ministry of Energy Infrastructures and Natural Resources; Mr. Khoren Mardoyan, Advisor to the R. A. Minister of Diaspora; Right Rev. Keghart Kosbakian Parish Priest of St. Mary Armenian Apostolic Church; Mrs. Apet Alpay, Chair of the Diocesan Council and Mr. Ara Alpay ; Mr. Ohan Ohanessian, Vice-Chair of the Diocesan Council and Chair of HTAC Parish Council; Mr. Berj Papazian, Chair of Armen-Ontario; Mr. Hagop Janbazian, Chair of Toronto’s Inter-denominational Council, and respectable members and representatives of political, benevolent, educational and cultural organizations in Toronto.

Special Appreciation to

H.H.M. Scouts Band
Mr. Raffi Bedrosyan
Gevorg Khachatryan
The Parish Council and Women’s Guild members of Holy Trinity Armenian Church
All donors and supporters of our soldiers serving in RA Armed Forces and the Chaplaincy

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՎՐԹԱՆԷՍ ԵՊՍ. ԱԲՐԱՀԱՄՅԱՆԻ ՀԵՏ

Գանատայի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ  Աւագ Գնդապետ Guy Chapdelaine-ի  հրաւէրով, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամյան Գանատա կ’այցելէ Մարտ 2-10, 2017:

Կիրակի, Մարտ 5, 2017-ին, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Սբ. Պատարագին մասնակից եղաւ ու քարոզեց Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամյանը: Սրբազան Հօր բարի գալուստ եւ յաջողութիւններ մաղթեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան: Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան ողջունեց ներկայութիւնը Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Գէրըն Համիլթընի:

Յաւարտ Սբ. Պատարագի եւ հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի տեղի ունեցաւ Հայոց Բանակի կազմաւորման 25-ամեակին եւ Բանակի Առաջնորդութեան 20-ամեակին նուիրուած Ժողովրդային հաւաք-հանդիպում Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամյանի հետ, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ:

Սոյն հանդիպման Սրբազան Հայրը տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայոց Բանակի ներկայ մարտահրաւէրներուն, ձեռքբերումներուն եւ հոգեւոր պատրաստութեան մասին: Խօսելով հայ զինուորներու եւ սպաներու քաջարի ծառայութեան մասին, Սրբազան հայրը յիշեց որ այսօր աւելի քան 50 հոգեւորականներ իրենց զինուոր եղբայրներու կողքին մաս կը կազմեն Հայոց Բանակին, հոգալով անոնց հոգեւոր կարիքներուն:

Վրթանէս Սրբազանը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Գանատահայոց Թեմին եւ հաւատացեալներուն, Հայոց Բանակին մատուցած իրենց օժանդակութիւններուն համար:

Այս առթիւ Հայաստանին, Արցախին եւ յատկապէս Հայոց Բանակին անցնող 25 տարիներու ընթացքին ցուցաբերած հոգատարութեան եւ բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի՝ Տիար Վիգէն Սարգսեանի հրամանով, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ զինված ուժերու «Անդրանիկ Օզանյան» մեդալով:

Հայոց բանակի հոգեւոր կարիքներուն ի նպաստ ցուցաբերած խնամքի համար, Նախարարի հրամանով Թորոնթոհայ Բարեշնորհ Մուրադ Սարկաւագ Գարագաշ պարգեւատրուեցաւ ՀՀ զինված ուժերու «Գարեգին Նժդեհ» մեդալով:

Սոյն հաւաքոյթին Վրթանէս Սրբազանի գնահատանքին արժանացան Բարեշնորհ Պերճ Սարկաւագ Լիւլէճեան, ինչպէս նաեւ օրուայ հանդիսավար եւ Թորոնթոյի Հայաստան Հիմնադրամի Ատենապետ՝ Տիար Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Հանդիպումը աւարտեցաւ Աբգար Սրբազանի շնորհակալական եւ շնորհաւորանքի խօսքով:

Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամյանի ներկայացումը եւ տեղեկութիւնները ջերմ ընդունելութիւն գտան աւելի քան 200 թորոնթոհայերու կողմէ, որոնք ներկայ գտնուեցան այս հանդիպման ու ցանկութիւն յայտնեցին շարունակելու իրենց սրտաբուխ օժանդակութիւնները Հայոց Բանակին համար նախատեսուած տարբեր ծրագիրներուն:


Ժողովրդային Հաւաքին
Վրթանէս Սրբազանին ողջունելու եկած էին՝

Գանատայի մօտ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս՝ Տիար Պերճ Սվազլեան,

ՀՀ էներգետիկայի և բնական պաշարներու փոխնախարար՝ Տիար Վարդան Գևորգյան,

ՀՀ էներգետիկ ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար՝ Տիար Կարեն Ղահրամանյան,

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան խոհրդական՝ Խորէն Մարտոյեան,

Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերպ. Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան,

Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ,

Թեմական Խորհուրդի Փոխատենապետ եւ Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան,

Արմէն-Օնթարիոյի Ատենապետ՝ Տիար Պերճ Փափազեան,

Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան,

ինչպէս նաեւ յարգելի ներկայացուցիչներ Թորոնթոյի քաղաքական, բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու:

 

Խորին շնորհակալութիւն
Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական Նուագախումբին,
Տիար Րաֆֆի Պետրոսեանին,
Տիար Գէորգ Խաչատուրեանին,
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Ծխական Խորհուրդին եւ Տիկնանց Յանձնախումբին,

ինչպէս նաեւ խորին շնորհակալութիւն Հայոց Բանակին սրտաբուխ նուիրատուներուն։

 

Donate