Ordination of Deacons and Acolytes, Granting of Orarion

Ordination of Deacons and Acolytes, Granting of Orarion

HTAC Press Office

On Sunday, August 7, 2022, His Grace Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Church Diocese of Canada celebrated Divine Liturgy at Holy Trinity Armenian Apostolic Church, assisted by Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church, and Rev. Fr. Hayari Tanashian, Pastor’s Assistant.
During morning Divine Service, His Grace granted the following the title ‘acolyte’:
Hrayr Tateosian, Araz Zargarian, Krikor Mirzoyan, Alen Avedikian, Raffi Apel, Tovmas Apel and Misak Mirzoyan. Afterwards choirmaster, Acolyte Shahe Altounian, was granted the title Sub-Deacon.
During Divine Liturgy Sub-Deacons Diran Parnakoglu and Shahe Altounian were ordained deacons. Acolytes Krikor Eozsoghomonian, Aren Zargarian, Krikor Mirzoyan, Araz Zargarian and Alen Avedikian were granted the right to wear orarions.
In his address, His Grace congratulated the newly ordained acolytes and deacons, their families, and the Pastor. He added that the dedication of those who serve the altar is a warranty for further strengthening the mission of the church.
His Grace wished that the newly ordained, by divine guidance, achieve higher positions in their clerical and lay life.
After Divine Liturgy, there was a reception in the Magaros Artinian Hall.
Photo Credit: Vasken Keshishian

 

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԵՒ ԴՊՐԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայութեամբ Գանատահայոց թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանին ու հովիւի օգնական` Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանին:
Առաւօտեան Ժամերգութեան ընթացքին Սրբազան Հօր ձեռամբ Դպրութեան կարգ ստացան` Հրայր Թադէոսեանը, Արազ Զարգարեանը, Գրիգոր Միրզոյեանը, Ալէն Աւետիքեանը, Ռաֆֆի Աբէլը, Թովմաս Աբէլը եւ Միսաք Միրզոյեանը, ապա Եկեղեցւոյ Դպրապետ՝ Շահէ Դպիր Ալթունեանը ստացաւ Կիսասարկաւագի աստիճան:
Ս. Պատարագի ընթացքին, սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացան Տիրան Կիսասարկաւագ Բարնաքօղլուն եւ Շահէ Կիսասարկաւագ Ալթունեանը, ապա դպիրներ՝ Գրիգոր Էօզսողոմոնեանը, Արէն Զարգարեանը, Գրիգոր Միրզոյեանը, Արազ Զարգարեանը եւ Ալէն Աւետիքեանը Սրբազան Հօր կողմէ շնորհուած Ուրար կրելու իրաւունք ստացան:
Սրբազան Հայրը, իր հայրական պատգամին ընդմէջէն, նախ շնորհաւորեց Նորոգ ձեռնադրեալ դպիրները, ուրակիրներն ու սարկաւագները, անոնց ընտանիքներն ու եկեղեցւոյ հովիւը, ապա յայտնեց, թէ Սբ. սեղանի սպասաւորներու ծառայողական եւ նուիրումի ոգին, ընդհանրապէս մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ առաւել եւս պայծառացման եւ առաքելութեան հաստատման երաշխիքն է:
Մաղթեց, որ աստուածային առաջնորդութեամբ բոլոր նորօք ձեռնադրեալները արժանան աւելի բարձր աստիճաններու, եկեղեցական կամ աշխարհիկ կեանքի մէջ:
Սբ. Պատարագէն ետք, հիւասիրութիւն տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ Մակարոս Արթինեան սրահին մէջ:

Donate