Invitation to Information Session on Sponsorship Program

Invitation to Information Session on Sponsorship Program

Dear Friends,

It is with great joy and happiness that we are writing to you in the beginning of a new season where we are all getting ready to be part of upcoming ceremonies, feast days, prayers, events, educational and cultural ongoing activities. At Holy Trinity Armenian Church of Toronto, we celebrate the start of the year 2015-16 that promises to be a great one. Our community in Toronto and the larger community of the world are indeed evolving and changing constantly. We are here to provide a place of worship, a place to learn, to strengthen our faith, and to overcome obstacles together. We will continue to extend our hand and assist those who are in need of second chances and starting over in the spirit of unity and care.

Dear faithful friends, we all have dreams and goals. It is easier when you walk the line with a devoted group of friends who are ambitious to serve God Almighty. One of our mutual goals is to serve our Lord by caring for fellow brothers and sisters in Christ. We will continue to work closely with the Armenian Family Support Services and will increase the humanitarian efforts furthermore. The refugee settlement programs in Canada and in Armenia need the collective support of every one of us.

On behalf of the Parish Council, I am inviting you all to take part in Divine Liturgy on Sunday, October 18th, 2015. Following the Mass, you are encouraged to be present at the Open House and Information Session, which will take place at lower level hall. The Holy Trinity Armenian Church and the Armenian Family Support Services are currently sponsoring Syrian refugees of Armenian nationality through the Private Sponsorship Program with the Ministry of Citizenship and Immigration. You will learn more about the ongoing crisis and how you can help.

We wholeheartedly welcome your suggestions and ideas to make our beloved church a better and stronger second home for our children and generations to come. You can contact me by E-mail  or call 416-431-3001.

Pilgrimage to Armenian Sep 24 2015 w

As you may know, we are currently leading a group of pilgrims in Armenia and Artsakh. We will take part in the Blessing of Holy Chrism (Muron) ceremony at The Mother See of Holy Etchmiadzin on Sunday, September 27th. Please remember us in your prayers during this time. We are looking forward to see you all upon our return.

With love and prayer,
Fr. Zareh Zargarian, Parish Priest

season ending sale

Սիրելի բարեկամներ,

Սրտի մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ է որ աշխատանքային տարւոյ սեմին ձեզի հետ միասին կը պատրաստուինք մասնակից դառնալու յառաջիկայ ծիսակատարութիւններու, տօներու, աղօթքներու, ձեռնարկներու ինչպէս նաեւ դաստիարակչական եւ մշակութային գործունէութիւններու:

Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ մենք պատրաստ ենք տօնախմբելու 2015-16 ը, որը պիտի ըլլայ յաջող ու պտղաբեր տարի մը: Մեր համայնքը, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհ, անդադար փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Եկեղեցին, ինչպէս միշտ իր սիրասուն զաւակներուն կը տրամադրէ աղօթքի, պաշտամունքի եւ ուսման վայր ու կը զարգացնէ քրիստոնէական հաւատքը եւ կ’օժանդակէ նաեւ համայնքի զաւակներուն միասնաբար յաղթահարելու խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ:

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, ամենքս ալ ունինք իղձեր ու նպատակներ: Աւելի դիւրին կ’ըլլայ երբ կը քալենք անձնուէր ու նուիրեալ անձերու կողքին, ծառայելու ամենակալ Աստուծոյ, օժանդակելով դժուարութեան մէջ գտնուող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Պիտի շարունակենք մօտէն համագործակցիլ  Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան գրասենեակին հետ, միասնաբար մասնակցելու մարդասիրական աշխատանքներուն մէջ: Յիշենք որ ապաստանեալներուն ու գաղթականներուն օժանդակելը, բոլորիս հաւաքական պարտականութիւնն է:

Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի կողմէ ձեզ կը հրաւիրեմ մասնակցելու Կիրակի, Հոկտեմբեր 18-ի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ու ներկայ գտնուելու «Անհատական Հովանաւորութեան Ծրագիր»-ի վերաբերեալ հարցերը պարզաբանելու համար կազմակերպուած  տեղեկատուութեան հաւաքոյթին, որը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 1:00-ին եկեղեցւոյս «Մարալ Իշխանեան» սրահին մէջ:

Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւնը եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին, ներկայիս կը հովանաւորեն հակամարտութեան պատճառաւ, Սուրիայէն տեղահանուած հայազգի ապաստանեալներուն, գաղթականներուն՝ Գանատայի Քաղաքացիութեան եւ Ներգաղթի Վարչութեան «Անհատական Հովանաւորութեան Ծրագիր»-ի միջոցաւ: Սոյն ծրագրի իրագործման համար, կարիքը ունինք կամաւորներու, որոնք պատրաստ են հովանաւորել Գանատա ժամանող Սուրիահայ մեր հայրենակիցները:

Սրտանց կը սպասենք լսելու ձեր առաջարկներն ու գաղափարները եւ միմիանց օգնութեամբ, բարելաւենք ու զօրացնենք մեր սիրելի եկեղեցին՝ երկրորդ տունը մեր զաւակներուն եւ ապագայ սերունդներուն: Մեզի հետ կրնաք կապուիլ հեռաձայնելով եկեղեցւոյս գրասենեակը 416-431-3001 թիւին, կամ ե-նամակով՝ DerZareh@TorontoArmenianChurch.com .

Ներկայիս խումբ մը ուխտաւորներու հետ Հայաստան կը գտնուինք, մասնակցելու Միւռոն Օրհնէքի արարողութեան, որը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ,Կիրակի, Սեպտեմբեր 27-ին: Կը խնդրեմ ձեր աղօթքներուն մէջ մեզ յիշէք:

Սիրով՝ եւ օրհնութեամբ՝

Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան,
Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ

Donate