«Ես եմ լոյսն աշխարհի»։ Յով. 8։12
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,
Մեծ Պահքի ճամբորդութիւնը մեղքի խաւարի մէջ ապրող մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի լոյսն աշխարհի՝ Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի։
Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, Իր մահով յաղթեց մահը եւ Իր Յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց։ (Ժամամուտ)
Յիսուսի Յարութիւնը գերագոյն գրաւականն է կեանքի յաղթանակին՝ ընդդէմ մահուան, բարիի եւ արդարութեան յաղթանակը՝ ընդդէմ մեղքին ու չարին, սիրոյ եւ խաղաղութեան յաղթանակը՝ ընդդէմ ատելութեան եւ պատերազմին։
Սիրելիներ ի Քրիստոս,
Սբ. Յարութեան տօնին մեր սրտաբուխ աղօթքն է որ Աստուած Յարութեան լոյսով ու յոյսով լեցնէ ձեր բոլորի կեանքերը,
պարգեւելով հաւատքով, բարի գործերով եւ առողջութեամբ լի արեւաշատ երկար տարիներ։
Քրիստոսի Յարութեան լոյսով նորոգուած, այս աշխարհին մէջ մնացէ՛ք «որդիներ լոյսի եւ որդիներ ցերեկուայ»։ (1 Թեսաղոնիկեցիս 5)
Քրիստոս Յարեա՜ւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի
Մնամք սիրով եւ աղօթքով՝
Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Փոխառաջնորդ Գանատահայոց Թեմի
Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Dear faithful,
The journey of the Great Lent leads those living in the darkness of sin toward the light of the world – the Resurrected Jesus Christ.
Jesus resurrected from the dead, He overcame death by His death and granted us life through His Resurrection. (Introit)
The Resurrection of Jesus Christ is the ultimate pledge of the victory of life against death, the victory of the good and the just against sin and evil, the victory of love and peace against hatred and war.
Dear faithful in Christ,
On this occasion, our heartfelt prayer is that God the Almighty fill your lives with the light and hope of the Resurrection, granting you a life of faith, good deeds and health.
May you be «the children of light and the children of the day» in a world renewed with the light of the Resurrection. (1 Thessalonians 5)
Christ is Risen,
Blessed is the Resurrection of Christ!
With prayers and love,
Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian,
Vicar of the Armenian Holy Apostolic Church Diocese of Canada
Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church of Toronto