Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցա՜ւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի
Սիրելիներ,
Հոգեւոր անհուն ուրախութեամբ, կու գամ շնորհաւորելու Ձեզ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ մանուկ Յիսուսի Սբ. Ծննդեան տօնի առթիւ: Թող Աստուած օրհնէ Ձեզ ու պարգեւէ յաջողութիւն եւ սիրով լի կեանք:
Նոր Տարուայ սեմին իմ ջերմագին աղօթքն է, որ Աստուած առողջութիւն պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն եւ մխիթարութիւն՝ սգաւորներուն:
Թող Աստուած իր օրհնութեան մէջ պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ մեր երկիրը՝ Գանատան:
Սբ. Ծննդեան տօնի առթիւ իմ սէրն ու գնահատանքը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուայ ընթացքին իրենց ծառայութեամբ եւ նիւթական նուէրներով նպաստեցին մեր Սբ. Եկեղեցւոյ պայծառութեան: Թող բարին Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորիդ:
Մեր մաղթանքն է, որ 2018 տարին համայն մարդկութեան համար ըլլայ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարի գործերով լի տարի:
Սբ. Ծննդեան այս օրերուն ձեզի հետ աղօթելու ուրախութեամբ՝
Մնամք սիրով աղօթարար՝
Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարյան
Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ
*****
Christ is born and revealed
Blessed is the revelation of Christ
Dear Parishioners,
We express our warm greetings and congratulations on the Holy Nativity and the arrival of the New Year. On this festive occasion, May the Lord Almighty protect and bless you with a healthy and prosperous year.
As the New Year approaches, may God bless the sick with good health, and may He grant patients to those in mourning the loss of their loved ones.
May our Lord continue to protect and bless our homeland, Armenia and our country, Canada.
On the occasion of Holy Nativity, I express my love and appreciation to those who contributed their time and services as well as financial support towards the betterment of our beloved church during this past year. May our Lord merit your generosity with many blessings.
It is our wish that 2018 will be a year of solidarity, peace, and good deeds for all humanity. I look forward to praying with you during these festive days.
With love and prayer,
Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Vicar of the Armenian Diocese of Canada
Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church