Հաճոյքով կը տեղեկացնենք որ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին, Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Թորոնթօ ժամանած Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան արտաքին քաղաքականութեան եւ դիւանագիտական ծառայութեան պատասխանատու՝ Տիկ. Սառա Խոջոյանին հետ:
Ան կը փափաքի հանդիպիլ հայ համայնքի անդամներուն հետ, հակիրճ ձեւով ներկայացնել դեսպանատան յանձնակատարութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ լսել Թորոնթոյի համայնքի մասին, քննարկել հարցեր որոնք կարելի է դեսպանատան միջոցաւ լուծել, եւ պարզապէս զրուցել: