Announcement: PURCHASE of 930 PROGRESS AVENUE, TORONTO PROPERTY
Announcement: PURCHASE of 930 PROGRESS AVENUE, TORONTO PROPERTY
ANNOUNCEMENT
THE ARMENIAN HOLY APOSTOLIC CHURCH
CANADIAN DIOCESE
PURCHASES 930 PROGRESS AVENUE, TORONTO PROPERTY
It is with great pleasure that the Armenian Apostolic Church Canadian Diocese announces to our faithful and community at large, that on Thursday February 28, 2019, after exercising its right of first refusal on January 29, 2019, became the legal owner of 930 Progress Avenue, Toronto property by purchasing it from Armen Ontario/AGBU of Toronto.
On this occasion the Armenian Apostolic Church Canadian Diocese would like to thank our faithful across Canada and in particular, the Holy Trinity Armenian Church community of Toronto, for its steadfast stand and moral support during the last four months, as we overcame the challenges of exercising our right to purchase this property.
This historic real estate acquisition lays the ground for the younger generation to follow the path of their predecessors, and realize new dreams for generations to come by meeting much needed and important future needs of our community.
The Armenian Apostolic Church Canadian Diocese would like to acknowledge the invaluable dedication and hard work of Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar, Armenian Church Diocese of Canada and Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church and the Special Committee members, Mr. Ohan Ohanessian-Chair, Diocesan Council of the Armenian Church Diocese of Canada, Mr. Jack Stepanian-Chair of the Diocesan Board of Trustees, and Mrs. Rosine Imasdounian-Chair of HTAC Parish Council and Mr. Ara Boyajian-Chair of HTAC Construction Committee.
DIOCESAN COUNCIL, ARMENIAN HOLY APOSTOLIC CHURCH CANADIAN DIOCESE
BOARD OF TRUSTEES, ARMENIAN HOLY APOSTOLIC CHURCH CANADIAN DIOCESE
PARISH COUNCIL, HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH
March, 1, 2019
Toronto
***********
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի
930 Progress Avenue տարածքի կալուածի ձեռքբերում
Այսու, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ եկեղեցւոյ իր զաւակներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան, որ ի գործ դնելով 29 Յունուար 2019-ին վաճառքի դրուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կալուածի գնման առաջին իր իրաւունքը, 28 Փետրուար 2019-ին Armen Ontario-էն գնեց ՀԲԸՄ-ի կալուածը, որ կը գտնուի 930 Progress Avenue-ի վրայ, հանդիսանալով սոյն կալուածի օրինական տէրը։
Այս առթիւ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ գանատահայ համայնքին ընդհանրապէս, եւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքի զաւակներուն՝ յատկապէս, վերջին չորս ամիսներու ընթացքին իրենց անվերապահ դիրքորոշումին եւ ցուցաբերած բարոյական աջակցութեան համար: Յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները, իրականութիւն դարձուցինք վերոյիշեալ կալուածը գնելու առաջին մեր իրաւունքը։
Սոյն կալուածի պատմական այս ձեռքբերումը հարթակ կը հանդիսանայ երիտասարդ նոր սերունդին հետեւելու իրենց նախորդներու ուղիէն եւ իրականացնելու նոր երազներ յետագայ սերունդներուն համար, բաւարարելու մեր համայնքի համար անհրաժեշտ եւ կարեւոր նկատուող պահանջները։
Արդ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը մեծապէս կը գնահատէ անվերապահ նուիրումը եւ ցուցաբերած աշխատանքը Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին եւ այս առթիւ կազմուած յատուկ յանձնախումբի անդամներուն՝ Օհան Օհաննէսեանին` Թեմական Խորհուրդի ատենապետ, Ժագ Ստեփանեանին, ատենապետ Հոգաբարձութեան եւ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի, Ռոզին Իմաստունեանին՝ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի եւ Արա Պոյաճեանին՝ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի եւ Եկեղեցւոյ Շինութեան Յանձնախումբի։
ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ՄԱՐՄԻՆ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ