Armenian text follows.
On Sunday, November 11, 2018 at 2:00 PM a special membership meeting of Holy Trinity Armenian Church was convened under the presidency of His Grace Bishop Abgar Hovakimian, Primate.
This meeting was significant due to its impact on the Toronto Armenian community at large.
Present to the meeting were Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Armenian Church Diocese of Canada and Parish Priest of the Holy Trinity Armenian Church, Mr. Ohan Ohanessian, Chairman of the Diocesan Council, Mrs. Rosine Imasdounian, Chairperson of Holy Trinity Armenian Church Parish Council, Dues paying members, representatives of Armenian sister churches and organizations, and a large number of community members in particular noticeable presence of the youth.
Upon the welcoming words of the Parish Council Chairperson, Mrs. Rosin Imasdounian, invited Mr. Jack Stepanian Chairman of the Diocesan Board of Trustees to chair the special membership meeting and Mrs. Betty Panossian and Ms. Arine Kemkemian to act as Armenian and English secretaries respectively.
The meeting commenced with Bishop Hovakimian’s opening prayer and proceeded as per agenda.
Mr. Ohan Ohanessian, gave a brief description of the highlights of the purchase and the sale agreement between AGBU and Centennial College, mentioning the required sale price of $8.5 million dollars, the down payment amount, also as per agreement Holy Trinity Armenian Church’s right of first refusal till January 2019 and the final purchase deadline of January 29, 2019.
A video presentation of the existing Church and the AGBU properties was displayed for the interest of the community.
The resolution prepared by the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church in English and Armenian was read by Mr. Ohan Ohanessian and Mrs. Rosine Imasdounian respectively upon which Mr. Jack Stepanian, the Chairman opened the floor for discussion.
***
Resolution
The Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church has closely followed the latest developments with regards to the Purchase and Sale Agreement between AGBU Armen Ontario and Centennial College for the AGBU property.
To best serve the interests of the Church, the Parish Council recommends to the General Assembly to approve this resolution and to mandate Mr. Ohan Ohanessian Chair, Diocese of the Armenian Church of Canada, Mr. Jack Stepanian, Chair of the Diocesan Board of Trustees, and Mrs. Rosine Imasdounian, Chair of HTAC Parish Council and Mr. Ara Boyajian, Chair of HTAC Construction Committee, to assess the impact of the sale of the AGBU property located at 930 progress avenue, on the operation of the HTAC and explore all possible avenues to best safeguard the interests of the Church, including the preparation of a feasibility study, approaching financial institutions and getting commitments from major donors to kick start a community wide fund raising drive to secure the necessary funds, and exercise, by January 2019, its first right of refusal to purchase the property by January 29, 2019.
***
Those present to the meeting entered into healthy and constructive discussions asking question, expressing concerns and suggesting solutions for this extraordinary situation due to proposed sale of the AGBU Centre to Centennial College.
During the discussion period, Mr. Hagop Janbazian the Chairman of the Interdenominational Committee of Toronto representing St. Mary Armenian Apostolic Church, St. Gregory Armenian Catholic Church and Armenian Evangelical Church’s Parish Priests made a positive and inspirational statement expressing his support and unity with Holy Trinity Armenian Church.
Mr. Ara Ter Harutunian, the Vice Principal of St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School, Mr. Sevag Avakian, Director of Youth and Barev Centre’s Board Member (also Choreographer of Sassoun Dance Ensemble), as well as a representative from The Armenian Community Centre, expressed their solidarity and encouragement to make every effort in support of the resolution.
Fr. Zareh Zargarian, expressed his appreciation to all representatives of Armenian Churches and organizations who expressed their support. He encouraged the community to stand in solidarity at this critical time in history of our community.
His Grace Bishop Hovakimian expressed his thanks to the Armenian community for the display of unity and support and readiness to assist in bringing a resolution to current situation.
Furthermore, Bishop Hovakimian in support of fundraising made an impressive gesture by donating his Panagia and Crosier as the first donation to the fundraising drive.
By way of secret balloting 130 dues paying members (out of 400 community members attending the meeting) voted on the proposed resolution. The outcome of the voting confirmed 122 votes Yes, 5 votes no, 3 votes abstained.
Armenian Holy Apostolic Church Diocese of Canada
Holy Trinity Armenian Apostolic Church
Կիրակի 11 Նոյեմբեր, 2018-ի յետ միջօրէի ժամը 2։00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արտահերթ Անդամական Ընդհ. Ժողովը, նախագահութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի։ Սոյն ժողովը, ունէր հրատապ բնոյթ եւ հիմնական նշանակութիւն՝ թորոնթոհայ համայնքին համար։
Ժողովին ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի Փոխ առաջնորդ եւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Թեմի Խորհուրդի Ատենապետ՝ տիար Օհան Օհաննէսեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, եկեղեցւոյ տրատու անդամներ, քոյր եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ներկաներ, որոնց մէջ ակնյայտ էր երիտասարդներու թիւը։
Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք հրաւիրեց Տիար Ժաք Ստեփանեանը, Ատենապետ Թեմիս Կալուածոց Մարմնին, ստանձնելու ժողովի ատենապետի պաշտօնը, իսկ ատենադպրութեան պաշտօնները ստանձնեցին, Տիկ. Պէթթի Փանոսեան (Հայերէնով), եւ Օրդ. Արին Քըմքըմեան (Անգլերէնով) ։
Ժողովը սկսաւ Սրբազան հօր աղօթքով եւ ընթացաւ ըստ օրակարգի կէտերուն։
Առաջին հերթին, Տիար Օհան Օհաննէսեան ներկաներուն փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի կալուածի վաճառքի պայմաններու հիմնական կէտերը, նշելով՝ տարածքի վաճառման պահանջուած 8.5 միլիոն տոլար գումարը, տրուած կանխավճարը, ըստ համաձայնագրի՝ մինչեւ Յունուար 2019 Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վաճառքը մերժելու առաջին իրաւունքի գոյութիւնը եւ կալուածի գնման համար ճշդուած վերջին ժամկէտը՝ 29 Յունուար 2019։
Ապա ցուցադրուեցաւ Drone-ով արձանագրուած տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնապետկերը, յարակից ՀԲԸՄ-ի կալուածին։
Յաջորդաբար, ընթերցուեցաւ Ծխական Խորհուրդին կողմէ պատրաստուած երկլեզու Բանաձեւը (անգլերէնով՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, իսկ հայերէնով՝ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան), որմէ ետք ժողովի ատենապետը յայտարարեց բաց քննարկում։ Ստորեւ ներկայացուած Բանաձեւը։
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը մօտէն հետեւեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան կալուածի վաճառման համաձայնագրի վերջին զարգացումներուն, Հ.Բ.Ը.Մ. Արմէն Օնթարիոյի եւ Սէնթէնիալ Քոյէճի միջեւ։
Լաւագոյնս ծառայելու համար եկեղեցւոյս շահերուն, Ծխական Խորհուրդը Ընդհանուր Ժողովին կը թելադրէ վաւերացնելու սոյն բանաձեւը եւ լիազօրելու Պրն. Օհան Օհաննէսեանը՝
Ատենապետ գանատահայոց Թեմի պատկառելի Թեմական Խորհուրդի, Պրն. Ժաք Ստեփանեանը՝ Ատենապետ Թեմական Կալուածոց Մարմնի, Տիկ. Ռոզին Իմաստունեանը՝ Ատենապետուհի Ս.Ե.Հ.Ա եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի, Պրն. Արա Պոյաճեանը՝ Ատենապետ Ս.Ե.Հ. եկեղեցւոյ Շինութեան յանձնախումբի, գնահատելու 930 Փրոկրէսի վրայ գտնուող կալուածի վաճառման հետեւանքները
Ս.Ե.եկեղեցւոյ աշխատանքներուն վրայ եւ գտնելու բոլոր հնարաւորութիւնները ապահովելու եկեղեցւոյ շահերը, ներառեալ՝ նախապատրաստելու ուսումնասիրութիւն մը, դիմելով ֆինանսական հաստատութիւններու, ստանալու խոստումներ գլխաւոր նուիրատուներէն եւ սկսելու համագաղութային դրամահաւաք՝ ապահովելու անհրաժեշտ գումարները եւ Յունուարի 2019-ին ի գործ դնելու իր մերժումի առաջին իրաւունքը գնելու Հ.Բ.Ը.Մ-ի կալուածը մինչեւ 29 Յունուար 2019։
Ներկաները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին բաց քննարկման, ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները, հարցադրումներն ու առաջարկները ստեղծուած արտասովոր այս իրավիճակին նկատմամբ։
Բաց քննարկման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թորոնթոյի Միջ Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան՝ լիազօր ներկայացուցիչ Թորոնթոյի Հայ Առաք. Ս. Աստուածածին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր Հովիւներու կողմէ, որ հանդէս եկաւ իր շինիչ առաջարկներով եւ այս իրավիճակի ընթացքին միասնակամ ըլլալու մաղթանքով։
Քննարկման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Տիար Արա Տէր Յարութիւնեան, Փոխ Տնօրէն Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի, Տիար Սեւակ Աւագեան, «Բարեւ» Կեդրոնի Վարչութեան անդամ, Երիտարդաց Պատասխանատու եւ Սասուն Պարախումբի ղեկաւար ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի Երիտասարդ Մարմնի ներկայացուցիչը, փոխանցելով իրենց զօրակցութիւնը՝ ժողովի որոշումներուն։
Ժողովի ատենապետը հրաւիրեց Թեմիս Փոխ առաջնորդ եւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, որ գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերով դիմեց մասնակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն, խրախուսելով որ համայնքը մնայ համերաշխ՝ պատմութեան այս դժուար պահուն։
Յաջորդ հանգրուանին խօսք առաւ Սրբազան Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ստեղծուած այս տագնապի ընթացքին թորոնթոհայ համայնքին ցուցաբերած իրենց միասնակամ ոգիին եւ ստեղծուած հարցին լուծում տալու պատրաստակամութեան համար։ Ապա Սրբազան Հայրը որպէս նեցուկ դրամահաւաքի արշաւին, հանդէս եկաւ տպաւորիչ եւ օրինակելի արարքով մը, եւ բոլորի ներկայութեան որպէս դրամահաւաքի առաջին ներդրում, նուիրաբերեց Եպիսկոպոսական ոսկեզօծ իր Ասան եւ Պանակէն ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ։
Ապա, տեղի ունեցաւ ներկայացուած Բանաձեւի ընդունման փակ քուէրակութիւնը, որուն մասնակցեցան համայնքի 400 անդամներէն եկեղեցւոյ տրատու 130 անդամները միայն։
Քուէախոյզ յանձնախումբի անդամները ստուգելէ ետք քուէատուփերը, յայտարարեցին քուէարկութեան արդիւնքը հետեւեալ ձեւով՝ 122 այո, 5 ոչ եւ 3 ձեռնպահ։
Ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պահպանիչով եւ Աղօթքով։
Գանատահայոց Թեմական Խորհուրդ
Եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի