Յարութիւն Դերձակեան
Գանատահայոց Թեմի երկարամեայ եւ նուիրեալ հովիւներէն Արժ. Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Կիւլեանի տան կարգի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի,երեկոյեան ժամը 8։00 ին, Թորոնթոյի Ս. երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ս. Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթակճեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ Զարգարեանի, Արժ. Տէր Տաթեւ Քհնյ. Մէլէնկիչեանի եւ Արժ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ բարեշնորհ՝ Գրիգոր Թոզաքեան, Նուհան Իփէքեան եւ Սարգիս Կիտանեան սարկաւագներու։ Շարականներու երգեցողութեամբ ու աղօթքներով կատարուեցաւ տան կարգի արարողութիւնը։
Արժ. Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Կիւլեանի վախճանման Ս. Պատարագը եւ վերջին օծումը կատարուեցաւ 11 Դեկտեմբեր Երեքշաբթի, առաւօտուն ժամը 10։00 ին Ս. երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի որ նոյն ժամանակ օրուայ Ս. Պատարագը մատուցեց։ Եկեղեցին լեցուն էր հանգուցեալ տէր հօր յիշատակը յարգող հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ։ Խորանին վրայ ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, Արժ. Տ. Միւռոն Սարգիսեան, Արժ. Տ. Դաւիթ Մարգարեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Միրզախանեան եւ Արժ. Տ. Հրանդ Մանուկեան քահանաները։ Իսկ դասին մէջ ներկայ էր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանը եւ Անթիլիասական Թեմի փոխ Առաջնորդ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը։ Ս. Խորանին սպասարկեցին Բրշ. Գրիգոր Թոզաքեան, Բրշ. Նուրհան Իփէքեան, Բրշ. Սարգիս Կիտանեան, Բրշ. Յարութիւն Գույումճեան սարկաւագները, իսկ բուրվառակիրներ էին Բրշ. Արի Պոյաճեան եւ Բրշ. Տարիուս Կիւմիւշճեան սարկաւագներ։
Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով կատարուեցաւ երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի, իսկ երգեցողութիւններուն իր գեղեցիկ ձայնով մասնակցութիւն բերաւ յայտնի շարականագետ Լենա Պէյլէրեան։ Նախ քան ողջոյնի պահը, դագաղը դրուեցաւ Ս. սեղանին առջեւ, պատարագը սկսաւ «Օրհնեայ Տէր» երգեցողութեամբ, եւ շարունակուեցաւ շարականներու երգեցողութեամբ ու կանոնական աղօթքի ընթերցումներով մինչեւ ողջոյն։ Այնուհետեւ Հայր Եղիա եւ Հայր Գեղարդ Ծ. Վարդապետներ Ս. Խորան բարձրացան։ Սրբազան Հօր ձեռամբ օծման դրոշմը դրուելով օծումը կատարուեցաւ վախճանեալ Տէր Հօր։ Վերջին օծումի ընդմէջէն աջահամբոյր կատարելով ողջոյն ստացան հոգեւոր հայրերը, ապա Հայր Գեղարդ եւ Տէր Զարեհը ողջոյն բաժնեցին հաւատացեալ ժողովուրդին։ Սաղմոսներու երգեցողութեամբ դագաղը դարձուեցաւ դէպի արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ, որով վախճանեալ Տէր Հայրը վերջին ողջոյնով հրաժեշտ առաւ իր աւելի քան վաթսուն երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած Ս. Եկեղեցիէն։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը աւուր պատշաճի իր հիւթեղ քարոզներէն մին խօսեցաւ վեր առնելով վախճանեալ Տէր Հօր արժանիքները։ Սրբազանը յայտնեց թէ Տէր Հայրը հակառակ ունեցած համեստ զարգացումին ունէր գովելի, բարի ու մանաւանդ համեստ բնաւորութիւն։
Ան սիրուած էր բոլոր ժողովուրդին կողմէ երկար տարիներ պարզութեան մէջ ծառայելով Գանատայի Թեմէն ներս։ Ապա իր ցաւակցութիւնները յայտնեց երէցկնոջ Տիկ. Մարի Կիւլեանին, զաւակներուն, թոռներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
Նոյպէս Տէր Զարեհ Ա. Քահանան խօսք առնելով յանուն Հոգեւոր Դասի, Ծխական Խորհուրդի, Յարակից Մարմիններու, Երէցկին Նաիրայի ցաւակցութիւններ յայտնեց երէցկնոջ Տիկ. Մարի Կիւլեանին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Տէր Զարեհի կողմէ կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, ինչպէս նաեւ Ամերիկա Միացեալ նահանգներու արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ցաւակցական գիրերը։
Ապա դագաղը խորանէն վար առնուեցաւ եւ տեղաւորուեցաւ մէջտեղի ատեանը, մինչ այդ Պատարագը շարունակուելով Աւետարաններ կարդացուեցան։ Ներկայ հոգեւորականներու կողմէ երգուած «Աշխարհ ամենայնի» շարականի երգեցողութեամբ Տէր Հայրը եկեղեցական զգեստներէն մերկացուցին, այպէսով Տէր Հայրը կը հրաժարէր իր կարգէն, հրաժեշտ տալով իր հոգեւոր եղբայրներուն ու ժողովուրդին։ Այս շարականի երգեցողութեամբ դագաղը հոգեւորականներու կողմէ կազմուած թափօրով եկեղեցիէն դուրս հանուեցաւ։
Տէր Հօր մարմինը փոխադրուեցաւ Նորթ Եորք գերեզմանատան հայկական բաժինը։ Թաղման արարողութեան ներկայ էին բոլոր հոգեւորականաց դասը գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, թաղման երգեցողութիւններէն եւ արարողութիւններէն ետք հանգուցեալ Տէր Հօր մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Յաւարտ թաղման արարողութեան եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ ներկաները հոգեճաշի սեղաններու շուրջ մէկտեղուեցան։
Հոս մասնաւորաբար կ՚ ուզենք նշել, թէ Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեանի համար արժանավայել կերպով կատարուած բոլոր այս բացառիկ արարողութիւնները Թորոնթոյի հայութեան յիշողութեան մէջ անմոռանալի պիտի մնայ։