ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՎԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՎԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՎԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ, հայաստանեայց եկեղեցւոյ Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Խորհուրդի անդամ՝ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան մասնաւոր հրաւէրով Թորոնթօ ժամանած էր։ Սրբազան հայրը այս պատեհ առիթէն օգտուելով  26 Օգոստոս 2018 Կիրակի առաւօտ, իր օրհնաբեր այցելութիւնը պարգեւեց Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի, ուր Ս. Պատարագ մատուցանելով իր պատգամը փոխանցեց։ Վահան Սրբազան հրաշափառի երգեցողութեամբ կազմուած թափօրի ուղեկցութեամբ եկեղեցի առաջնորդուեցաւ։ Ս. խորանին վրայ իրեն առընթերակայ էր Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ Զարգարեան, Ս. սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ Գրիգոր Թոզաքեան, Շահնուր Այնաճեան, Նուրհան Իփէքեան, Ռոյ Քիւչիւքաթէշ, Սեւան Իշխանեան, ինչպէս նաեւ Բրկն. ուրարակիր դպիրներ։ Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Տիանա Վանէսի։

Յընթացս Ս. պատարագի Քահանայ հայրը ողջունելով Վահան Սրբազանին ներկայութիւնը, Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ծխական խորհուրդի եւ յարակից բոլոր մարմիններու անունով բարի գալուստ մաղթեց իրեն, բարեմաղթութիւններ ընելով հրաւիրեց զինք որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։

Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցելէ առաջ սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Աբգար Սրբազանին եւ եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Զարեհ Ա. Քահանային, որոնք առիթը ընծայեցին իրեն որպէսզի հաւատացեալներու հետ կարենայ աղօթակից ըլլալ։

Վահան Սրբազան Ս. Գիրքէն ընթերցումին մասին խօսելով պատմեց հետեւեալը՝ « Թէ ինչպէս Գալիլիոյ լիճին մէկ ափէն կանցնին դէպի դիմացի ափը, մինչ աշակերտները կը նաւարկէին Յիսուս կը քնանար։ Զօրաւոր փոթորիկէն եւ ալիքներու բարձրացումէն վախցած աշակերտները արթնցուցին Յիսուսը։ Յիսուս ոտքի ելաւ հովն ու ծովը հանդարտեցուց եւ զարմացաւ անոնց թերահաւատութեան վրայ, որովհետեւ երեք տարիէ միասին էին եւ կը տեսնէին թէ ինչպէս կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն։ Աշակերտները սարսափած հիացումով երկրպագեցին Յիսուսին եւ ըսին, « իսկապէս դուն Աստուծոյ որդին ես » Այսպէսով Յիսուս անգամ մը եւս շեշտեց թէ ինքն է Աստուծոյ որդին։» Սրբազանը եզրափակելով իր խօսքերը ըսաւ, « հաւատք ունենաք Աստուծոյ հանդէպ, Աստուած գիտէ ճիշդ ժամանակը եւ պիտի կատարէ մեր խնդրանքները, եթէ տեղին են անոնք։»

Յաւարտ Ս. Պատարագի կարգ մը հաւատացեալներու հոգիներուն ի հանգիստ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն։  Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր պահպանիչով։  Դպրաց դասին կողմէ երգուած « Որ զշնորհս Աստուածայնի » երգեցողութեամբ ու կազմուած թափօրով Սրբազանը առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ ժողովասրահ հանդիպելու ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Donate