Սիրելի հաւատացեալ զաւակներ,
Խորապէս կը վշտակցինք այն երկու ընտանիքներուն, որոնց երիտասարդ զաւակները զոհ գացին Կիրակի, 22 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան Greek Town-ի մէջ տեղի ունեցած վայրաք արարքին։ Վիրաւորեալներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ մեր եկեղեցւոյ համայնքին պատկանող երիտասարդուհի մը։
Այս առթիւ, Կիրակի 29 Յուլիս 2018-ին Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ յատուկ աղօթք՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։
Որպէս միասնական համայնք պիտի աղօթենք, իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերու հոգիներու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ՝ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։
Արդ՝ յոյսի Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։
Հռով 15:13
Թող Քրիստոս ձեր հետ ըլլայ այժմ եւ միշտ։
Մնամք սիրով եւ աղօթքով՝
Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ
Dear Faithful Parishioners,
Following the dreadful news of violence in Toronto’s vibrant Greek town that took place on Sunday, July 22nd, we are deeply saddened to learn about two young ladies who lost their lives. Among the injured victims is a young lady of our church community.
A special prayer will be held during Divine Liturgy on Sunday, July 29th at Holy Trinity Armenian Church.
As a united community, we will pray for the repose of the souls of those who lost their lives so early and will pray for the speedy recovery of the injured.
May the God of hope fill you with all joy and peace as you trust in him, so that you may overflow with hope by the power of the Holy Spirit. Romans 15:13
May our Lord Jesus Christ be with you, today and always.
With love and prayer,
Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Vicar, Armenian Holy Apostolic Church Canadian Diocese
Parish Priest, Holy Trinity Armenian Apostolic Orthodox Church