ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

 

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ՝
ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Տարւոյն առաջին օրը 1 Յունուար 2018 Երկուշաբթի, հաւատացեալներ հակառակ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ վերջերս տիրող աննպաստ սաստիկ ցուրտ օդին կանուխ ժամերէն սկսեալ սկսան եկեղեցին լեցնել, փառք տալու համար Աստուծոյ եւ նոր տարուայ համար մաղթանքներ կատարելու։

Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Փոխ Առաջնորդ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան. Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ Գրիգոր Թոզաքեան, Ռոյ Քիւչիւքաթէշ եւ Սեւան Իշխանեան։ Դպրաց դասը առաջնորդութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի յաջողապէս մեկնաբանեց Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

Յընթացս Ս. Պատարագի առաջին անգամ ըլլալով անցեալ տարի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ իբրեւ աւանդութիւն հաստատուած Գոհաբանական Մաղթանք ու  Նռնօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ։ Հայկական աւանդութեան մէջ Նուռը իբրեւ ազգային  խորհրդանիշ կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը։

Հայկական այս պտուղը կը ներկայացնէ մեր հայրենիքը մայր Հայաստանը, իսկ նռան հատիկները կը խորհրդանշեն Քրիստոսի արեամբ փրկուած համատարած մեր հայ ժողովուրդը,  իր վրան ունենալով փոքրիկ թագ մը, ինչպէս կը տեսնենք նման թագ մը Յիսուս Քրիստոսի Գլխուն վրայ։ Ձեռամբ Տէր Հօր նռան օրհնութիւնը կատարուեցաւ, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ « Ամէն Ալէլուիա » երգեցողութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։ Այնուհետեւ Տէր Հայրը օրուայ առիթով պատշած իր պատգամը փոխանցեց, շնորհաւորելով ներկայ հաւատացեալներուն Նոր Տարին, բարեմաղթելով բոլորին Աստուծոյ օրհնութիւններով լի  նոր տարի մը։

Ս. Պատարագի աւարտին ներկայ հաւատացեալներ մօտեցան Ս. Խորան, ձեռամբ՝ սարկաւագներու ստացան մէկ մէկ նուռ։ Ներկաները ներքնաբակին մէջ հիւրասիրուեցան նաեւ խմիչքով եւ տուրմով, առիթը ունեցան զիրար ջերմ բարեմաղթանքներով շնորհաւորելու։

Լուսանկար՝ Յարութիւն Դերձակեանի

Prayer for the Republic of Armenia and Order of the Blessing of Pomegranates

On Monday, January 1, 2018, the first Divine Liturgy of the year was celebrated at Holy Trinity Armenian Church by Vicar & Parish Priest, Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian.

The Liturgy was followed by Prayer for the Republic of Armenia and Order of the Blessing of Pomegranates took place.

At the end, everyone received a pomegranate, which is the symbol of the fertility and eternity of abundance. The faithful parishioners started the new year with renewed faith.


ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

 

 

Donate