Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Միջ-Յարանուանական Ձեռնարկ Թորոնթոյի Մէջ 24 Ապրիլ, 2017 Կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնին, հիւրընկալութեան՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ: Օրուան բանախօսն էր՝ Գերապատիւ՝ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, հովիւ՝ Թորոնթոյի Հայ Առքլ. Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, նիւթ ունենալով՝ «Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Սրբադասումը եւ անոր Կարեւորութիւնն ու Աւանդը»: Կատարուեցաւ Բարեխօսական կարգ, երգեցողութեամբ եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ՝ Լենա Պէյլերեանի: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան՝ Գառնիկ Սօսոյեան (տուտուկ) եւ Աննա-Մարիա Մուպայէտ (ջուդակ): Փակման խօսք արտասանեց՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Աւգ. Քհն. Զարգարեան, հովիւ՝ Հայց. Առքլ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ: Ձեռնարկը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակի զետեղումով: