ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ ՍԱՐԳԻՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ ՍԱՐԳԻՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ

Այս տարի Փետրուար 11-ին Հայց. Առաք. Եկեղեցին կը նշէ տօնը Ս. Սարգիս Զօրավարի, անոր որդի Մարտիրոսի եւ իր Տասնչորս զինուորներուն: Թէեւ Ս. Սարգիս ազգութեամբ հայ չէր, բայց կը համարուի Հայ եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մին: Ս. Սարգիս ազգութեամբ յոյն էր եւ Հռոմի բանակի զօրավար: Ապրած է 4-րդ դարուն եւ Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ կարգուած էր իշխան՝ Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիոյ վրայ, որու մայրաքաղաքն էր Կեսարիա:


Երբ 361թ. իշխանութեան եկաւ Յուլիանոս Ուրացողը, ան խիստ կը հալածէր քրիստոնեաները: Խուսափելով Յուլիանոս Ուրացողի հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ Սարգիս ապաստանած էր Հայաստան, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան` Մեծն Տրդատի թոռը եւ Խոսրովի որդին: Տեղեկանալով որ Յուլիանոսը մեծ զորքով կը յառաջանայ դէպի Պարսկաստան, Հայոց արքան, ձգտելով իր երկիրը զերծ պահել Յուլիանոս Ուրացողի յարձակման վտանգէն, կը յորդորէ Սարգիսը որ ծառայութեան անցնի Պարսից Շապուհ արքային մօտ: Շապուհը սիրով կ’ընդունի Ս. Սարգիսը եւ անոր իր զորքերու հրամանատար կը նշանակէ: Սակայն իմանալով Սարգիսի քրիստոնեայ ըլլալը, Շապուհը կը պահանջէ որ ան երկրպագէ կրակին: Սարգիս կը մերժէ: Զայրացած ամբոխը կը յարձակի եւ կը սպաննէ անոր որդին՝ Մարտիրոսը, իսկ Սարգիսը կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի: Ս. Սարգիսին հաւատարիմ 14 պարսիկ զինուորներն անոր մարմինը կը վերցնեն պատուով թաղելու համար, բայց իրենք ալ կը նահատակուին իրենց քրիստոնէական հաւատքին հաւատարիմ մնալուն համար: Իրենց մարմինները կ’ամփոփուին Համիան քաղաքին մօտ:
Մ. Մաշտոց անոր մասունքները բերել կու տայ Ուշի, Հայաստան (Աշտարակի մօտ), եւ մասունքներու ամփոփուած տեղը կը կառուցուի Ս. Սարգիս Զօրավար եկեղեցին: Ս. Սարգիսի տօնը շարժական է եւ կը տօնուի Բարեկենդանէն 2 շաբաթ առաջ: Ան անմիջապէս կը յաջորդէ Առաջաւորաց պահքին ու այդ պատճառով Առաջաւորաց պահքը մարդիկ թիւրիմացաբար կը կոչեն նաեւ Ս. Սարգիսի Պահք: Ս. Սարգիս տօնին կը յաջորդէ Բարեկենդանը, ապա` քառասնօրեայ Մեծ Պահքը:

Donate