Newcomers’ Luncheon Organized by Armenian Family Support Services

Newcomers’ Luncheon Organized by Armenian Family Support Services

AFSS Press Office –

On Sunday, May 15, 2016, following Divine Liturgy at Holy Trinity Armenian Church, a luncheon and talent show was organized at the “Magaros Artinian” hall by the Armenian Family Support Services (AFSS) to welcome Syrian-Armenian newcomers. About 300 people attended this one-of-a-kind event and enjoyed the warm atmosphere with friends, great food and performances.

S IMG_8655 2

Rev. Archpriest Father Zareh Zargarian, Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church (HTAC), delivered his warm welcoming message to the Syrian-Armenian newcomers, and expressed his well wishes to them. He appreciated the organizers’ efforts and devotion and praised the AFSS board members for their ongoing efforts. Many of the HTAC Parish Council members were present at this lovely gathering.

S IMG_8477

Maida Icliates, Founder of AFSS, introduced Toronto City Hall Councillor, the Honourable Jim Karygiannis, who thanked the AFSS Board and volunteers for their many years of dedication and service to the Toronto Armenian community. He presented a Certificate of Appreciation from the City of Toronto.

S IMG_8520 2

Rita Odjaghian, Chair of AFSS, welcomed everyone with a heartfelt speech.  She talked about the mission of AFSS, and how important it is to create a sense of love and affection in the hearts of all the newcomers through compassion, hard work and dedication. She thanked Janet Yeremian, the organizing committee members and all volunteers without whom the event would not have been possible.
Mr. Greg Sarkissian, President of the Zoryan Institute, addressed the newcomers and spoke about a new Oral History Project they are undertaking to document the stories of the new Syrian-Armenian refugees. He invited interested newcomers to join this project.

S IMG_8631 2
The MC of the day was the lovely Sarin Poladian, herself a newcomer. She opened the event by thanking AFSS for welcoming the Syrian- Armenians and allowing them to showcase their talents in this new land.

S IMG_8723

The event featured several performances by well-known artists such as Nazar Poladian, Hasmig Tachajian Bertizian, Mher Minassian, Anahit Koutsouzian, Anna-Maria and Mike Muyabed. Several paintings by the  well-known artist Razmig Bertizian were on prominent display. The “Sassoun Dance Ensemble” of
Holy Trinity Armenian Church performed lively Armenian dances, bringing even more joy to the gathering.

S IMG_8727

S IMG_8596
S IMG_8606S IMG_8574
S IMG_8568

S IMG_8528 2

 

A delicious lunch was served, followed by homemade desserts. As the two “Welcome to Canada” cakes with Canadian flag designs were brought into the hall, everyone stood up and sang the national anthems of Canada and Armenia. At the end of the luncheon, the joy and happiness were palpable in the air.  AFSS Board members received many testimonials of gratitude from the attendants. Many said they felt they were treated like family, felt at home and appreciated.

For over 12 years AFSS has provided various humanitarian services to our existing and new community members. Two years ago, AFSS was granted the Sponsorship Agreement Holder privilege. Since then we have sponsored over 300 Syrian-Armenian refugees. Our services begin at the point of landing and continue throughout the settlement and integration into this beautiful country. AFSS greets refugees along with their sponsors at the airport. Services include assistance with housing and furnishings, schooling for children, employment counseling and placement, support circles, referrals and more. This truly manifests an end-to-end settlement process for our new Canadians.

Our work continues with even more dedication. If you are interested in the services provided or if you would like to support our mission, we would like to hear from you by phone: 416-431-5549 or by E-mail: contactus@afsstoronto.ca.

 

Գանատա Նոր Հաստատուած Հայորդիներու Ի Պատիւ Ճաշկերոյթ՝ Կազմակերպութեամբ Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւն Գրասենեակի

 

ՀԸՕԾ Մամլոյ Գրասենեակ

Կիրակի, Մայիս 15, 2016-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ-տաղանդներու ներկայացում, Թորոնթօ նոր հաստատուած սուրիահայերու իբրեւ բարի գալուստ, կազմակերպութեամբ Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւն գրասենեակի ։

Այս բացառիկ ձեռնարկին ներկայ էին մօտ 300 հոգի, որոնք հաճելի պահեր ապրեցան ստեղծուած ջերմ մթնոլորտէն, համեղ ճաշերէն ու ներկայացումներէն։

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան բարի գալուստ մաղթեց սուրիահայ հիւրերուն եւ իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց։ Ան բարձր գնահատեց Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւն գրասենեակի վարչական կազմն ու անդամները սոյն ձեռնարկի պատրաստութեան համար։ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի կազմի անդամներէն շատեր ներկայ էին հաւաքոյթին։

Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւն գրասենեակի (ՀԸՕԾ) հիմնադիր Մայտա Իչլիաթէշ բեմ հրաւիրեց Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պրն. Ճիմ Քարիճիանիսը, որը իր կարգին գնահատեց  ՀԸՕԾ-ի վարչական կազմը եւ կամաւորները Թորոնթոյի հայ գաղութին ի նպաստ իրենց տարած նուիրական աշխատանքին համար եւ առ այդ Թորոնթօ քաղաքի կողմէ գնահատագիր մը յանձնեց։

ՀԸՕԾ-ի ատենապետ Ռիթա Օճաղեան ջերմ խօսքերով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան անդրադարձաւ ՀԸՕԾ-ի առաքելութեան, շեշտելով լուրջ աշխատանքի եւ նուիրումի կարեւորութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժանէթ Երեմեանին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր կամաւորներուն, սոյն գեղեցիկ ձեռնակին իրենց ներդրումին համար։

Խօսք առաւ Զօրեան Հիմնարկի նախագահ՝ Պրն. Կրէկ (Գուրգէն) Սարգիսեան։ Ան խօսեցաւ նոր ծրագրի մը մասին՝ Բերանացի Պատմութիւն, որ պիտի հաւաքէ սուրիահայ գաղթականներու փորձառութիւնները։ Ան կոչ ուղեց ներկաներուն որ մասնակցին այս ծրագրի իրականացման։

Օրուան հանդիսավարն էր Թորոնթօ նոր հաստատուած շնորհալի երիտասարդուհի՝ Սարին Փոլատեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԸՕԾ-ին,  սուրիահայերու հանդէպ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ առիթը ստեղծելու, որ անոնց տաղանդաւոր անդամները ելոյթ ունենան։ Ելոյթ ունեցան ծանօթ արուեստագէտներ՝ Նազար Փոլատեան, Յասմիկ Թաշճեան-Պէրթիզեան, Մհեր Մինասեան, Անահիտ Կուտսուզեան, Աննա-Մարիա եւ Մայք Մույապետ։ Ցուցադրուեցան նաեւ ծանօթ գեղանկարիչ Ռազմիկ Պէրթիզեանի գործերը։ Եկեղեցւոյ Սասուն Պարախումբը մի քանի պարերով հանդէս եկաւ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց։

Հիւրասիրուած համեղ ճաշէն ու անուշեղէնէն ետք, ‘Բարի եկաք Գանատա’ գրութեամբ եւ Գանատայի դրօշակով զարդարուած երկու կարկանդակներ բերուեցան սրահ։ Ներկաները ապա երգեցին Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ վերջ գտաւ հիւրասիրութիւն-հաւաքը, որ ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ ստեղծած էր բոլոր ներկաներուն համար։

Անցնող 12 տարիներուն, ՀԸՕԾ գրասենեակը մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցած է համայնքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ նոր հաստատուած հայորդիներուն։ Երկու տարի առաջ,  ՀԸՕԾ գրասենեակը ստացած էր Հովանաւորութեան Համաձայնագրի Սեփականատէր  (Sponsorship Agreement Holder) առանձնայատուկ իրաւունքը։ Այդ օրէն ի վեր,  ՀԸՕԾ գրասենեակը հովանաւորած է 300-է աւելի սուրիահայ գաղթականներ։ Մեր ծառայութիւնները կը սկսին երբ գաղթականները Գանատա կը հասնին, ու կը շարունակուին անոնց տուն ապահովելով եւ օգնելով մերուիլ շրջապատին։ ՀԸՕԾ, հովանաւորներուն հետ միասին գաղթականները կը դիմաւորէ օդակայանին մէջ։ Ծառայութիւնները կ’ընդգրկեն տուն եւ կահաւորում ապահովել, զաւակներու դպրոց գտնել, աշխատանք գտնելու մանրամասնութիւններուն հետեւիլ, եւլն։ Մէկ խօսքով, մօտէն կը հետեւինք գաղթականներու հանգիստ ու ամբողջական ընտելացումին՝ ստեղծուած նոր պայմաններուն։

Մեր աշխատանքը կը շարունակենք նուիրումով։ Եթէ հետաքրքրուած էք ՀԸՕԾ գրասենեակի մատուցած ծառայութիւններով եւ կամ կ’ուզէք մաս կազմել անոր աշխատանքին, հաճեցէք հեռաձայնել 416-431-5549 թիւին կամ գրել  contactus@afsstoronto.ca հասցէին։

S IMG_8504

Donate