ԵԿԱՆՔ, ՏԵՍԱ՜ՆՔ ԵՒ ՀՊԱՐՏ ԶԳԱՑԻՆՔ

ԵԿԱՆՔ, ՏԵՍԱ՜ՆՔ ԵՒ ՀՊԱՐՏ ԶԳԱՑԻՆՔ

 

Սեդա Գանտահարեան

«…Մեր հայերը ասես թէ իրենց երգ ու պարի մէջ
թափել են իրենց հոգին եւ ամէնօրեայ մտածումները,
որ մենք ի զուր պէտք է պրպտէինք
մեր բազմահազար գրքերումը»։

Գամառ-Քաթիպա
(1856 թուականի երգարանի յառաջաբանէն)

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբի 10-ամեակին նուիրուած Սասնայ Երկիր ելոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 21, 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Global Kingdom Ministries Theatre-ին մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենար նաեւ Հայաստանէն հրաւիրուած Ռուբէն Սասունցին, մասնակցութեամբ պարախումբի 80 անդամներու։ Սրահը լեցուած էր 900-է աւելի հանդիսականներով։ Հանդիսութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան, Գերյարգելի, Արժանապատիւ եւ Վերապատուելի հոգեւոր հովիւներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով՝ կատարողութեամբ Մինէ Ծատուրեանի, որմէ ետք հանդիսավար Սէրէնա Քիւրքճեան իր երկլեզու բացման խօսքին ընթացքին ներկայացուց «Սասուն» պարախումբի պատմականը։ Այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի խորհրդական Գանատայի մէջ՝ Պրն. Խորէն Մարտոյեան, որ կարդաց Գանատայի մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Արմէն Եգանեանի ուղերձը ուղղուած «Սասուն» պարախումբի ղեկավարներուն եւ բոլոր անդամներուն։

Ցուցադրուեցաւ Սեւակ Աւագեանի պատրաստած «Սասուն Պարախումբի 10-ամեակ»  տեսերիզը՝ սկզբնական օրերէն մինչեւ օրս։

Բեմի սասունցիներու ծիսակատարութեան գիւղական տեսարանը պատրաստած էր Տիկ. Սեդա Չաքըրեան։ Հոն կարմիրը կը խորհրդանշէր ուրախութիւն, կանաչը՝ առատութիւն, խնձորը՝ իբր հարսանեկան խնճոյքի խորհրդանիշ, խաղողը՝ բերքի ու բարիքի արարման շքեղ տօնակատարութիւն։

Թորոնթոյի մէջ շատեր գիտեն արդէն այս շնորհալի պարային համոյթին մասին, որ իր կատարողական արուեստով ջերմ ծափերու եւ ծաղիկներու է արժանացած։ Պարային այս համոյթը՝ «Սասուն»ը, մեծ կենսագրութիւն չունի. ընդամէնը 10 տարուան, բայց շնորհիւ անոր գեղարուեստական ղեկավար՝ պարուսոյց Ճօ Աւագեանի ջանքերուն, «Սասուն»ը մեծ ճանաչում ստացաւ ամէնուր։ Սկզբնական շրջանը պարի համոյթը կը ղեկավարէր Ճօ Աւագեան, օգնականներ ունենալով Սօսի Աւագեանը, Սեւակ եւ Սարին Աւագեանները։ Այժմ Սեւակը ստանձնած է երէց պարողներուն խումբը որպէս պարուսոյց եւ երաժշտութիւնը համադրող. իսկ Սարինը՝ կրտսերներու պարուսոյցն է։

Դահլիճի խոր լռութիւնը ցրուեց աւանդական մեղեդին։ Դահլիճը ողողուեցաւ ծափերով։ Սասունցիի երգով, հնչեղ երաժշտութիւնը, դհոլ-զուռնայի նուագով շարան-շարան բեմ բերաւ մեծ ու փոքր տարազաւոր աղջիկներ ու տղաներ։ Կը սկսի երգ ու պարը «Սասուն», «Արմենիա», «Քնօ» – կը պարեն ցնծագին, կը պարեն աղջիկ ու տղայ թեւ-թեւի, ուս-ուսի, կը թռչին դէմ  դիմաց, կը խոյանան մերթ որպէս ժայռաբեկոր, մերթ որպէս հողմակոծ անտառ կը ճկուին, կը խոնարհին միչեւ գետին ու ապա սլաքի նման կը նետուին առաջ։ Պարը ողողուած է պայծառ, լուսաւոր գոյներով։ Ան վեր կը հանէ կեանքի ուրախութիւնը, բնութեան գեղեցկութիւնը, ժողովուրդի զգացումներու վեհութիւնը։

Հայկական երգեր՝ յուզիչ ու հայրենասիրական։ Ռուբէն Սասունցին կը հնչեցնէ «Քաջ Անդրանիկի» հերոսական երգը։ Ռուբէնը «զտարիւն սասունցի է». ան եկած է սասունցի երաժիշտ ու երգիչներու ընտանիքէն։ Ան նուիրուած է ազգագրական երգերու սուրբ գործին։ «Մայր ծնողի», «Մուշ«, «Եարխուշտա«, «Հայոց դաշտեր«, «Մշեցի» երգն ու պարը ներդաշնակութիւն կը կազմէին։ Հիանալի կը շորորային նայիրեան աղջիկները, սիրտդ խինդով կը լեցուէր տղաներուն առնական թռիչքներէն ու կը թուայ թէ անոնց շարժումները միահիւսուելով մեր աւանդական զուռնայի, դուդուկի ու դհոլի հետ, կը ստեղծեն տեսողութիւնն ու լսողութիւնը շոյող ներդաշնակ պատկեր մը։

Երկրորդ բաժնին մէջ «Խնձոր գցի» եւ «Նազանի» երգն ու պարը ողողուած էր պայծառ ու լուսաւոր գոյներով, ան վեր կը հանէր կեանքի ուրախութիւնը, բնութեան գեղեցկութիւնը, մեր զգացումներու վեհութիւնը։ Դարեր առաջ սասունցիները պարեր են լեռներու գագաթին, հնչեցուցած են զուռնան ու դհոլը։ Դարեր առաջ աղջիկները գոյնզգոյն տարազներ հագած ու շուրջպար բռնած՝ կանաչ հովիտներու մէջ են պարած։ Դարեր առաջ հայերը հարսանեկան երգ ու պարով գիշերներ են լուսցուցած։

Հայ ժողովրդական պարարուեստը 1950-ական թուականներուն հարստացաւ «Բերդ» երկյարկանի շուրջպարով, որուն նախահիմքը Վասպուրականի «Գմբեթախաղ» ժողովրդական խաղն է։ Ինչպէս Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ, «Բերդը» մեծ հաճոյք կը պատճառէ արուեստասէր հասարակութեանը։

«Բերդ» պարի շարժումները սովորական չեն. անոնք ունին խորհրդանշական իմաստներ. թեթեւակի եւ ծնկածալ ընելը խոնարհման նշան էր այն դիցաբանական էակի նկատմամբ, որմէ պատանիները եւ երիտասարդները ակնկալութիւն ունէին։ «Գմբեթախաղ» բառը հեթանոսական տաճար կամ նման այլ եզրի ծպտեալ ձեւն է Վասպուրականի մէջ։ Այսպիսին է հայ ժողովրդական պարերու գլուխ գործոցներէն մէկի՝ «Բերդ» պարի համառօտ պատմութիւնը։

Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի այս պարախաղի բեմականացումը ցոյց կու տայ, որ մեր ժողովրդական խաղաձեւերը պարային արուեստի անսպառ աղբիւր են։ Եւ այսօր, պարախումբի երէց տղաները հանդիսատեսին յիշեցուցին անոնց պատմութիւնը։

Բեմ կը սահին նախշուն զգեստներով աղջիկները։ Անոնց երկար ծամերը կ’օրօրուին իրենց շարժումներէն։ Մատները նուրբ կը սահին օդին մէջ՝ շարժումներու մէկ ամբողջ սիմֆոնիա ստեղծելով։ Այսօր տարազներ հագած փոքրիկները իրենց մանրիկ քայլերը կը նետեն երաժշտութեան համապատասխան։ Շարժումներու եւ երաժշտութեան այդ համաձոյլը կը տարածուի լոյսի եւ օդի միջոցով, կը հասնի հանդիսատեսին ու կը հիացնէ՝ հայկական պարի կախարդիչ հմայքով։ Որքա՜ն նրբութիւն ու հեզութիւն, որքա՜ն ճկունութիւն։ Այսինքն այն ամէնը,  ինչ յատուկ է հայ կնոջ պարին։ Դիմացէն դուրս կու գան տղաները՝ հպարտ քայլուածքով ու ձիգ կեցուածքով։ Անոնք սասունցիներ են, հայ դիւցազուններ են։ Կտրուկ ու չափուած շարժումները այդ կը յիշեցնեն։ Անոնք իրենց օղակի մէջ կ’առնեն նրբերան աղջիկները, ու բեմին վրայ շարժումներու անհաւատալի երկխօսութիւն կը սկսի։ Երաժշտութեան ու շարժումներու ներդաշնակութիւն, որը կը կոչուի հայկական պար։

«Հանայ-Նինայ շարան», «Հարսանեկան», «Սասնայ պար»։ Այս վերջին երգն ու պարը ստեղծեցին տարբեր տրամադրութիւններ ու նկարագիր. մէկ շարժուն՝ դինամիկ առաջընթաց, մէկ քնքուշ՝ մեղմօրօր նազանք, մէկ առնական կրակոտ կեանքի պար, մէկ անկեղծ, անմիջական, երազուն յոյզեր ու վերջապէս՝ նպատակասլաց ու լուսաւոր աւարտ։

Ռուբէն Սասունցիի երգերն ու ընկերակցող պարերը կը շարժէին բոլորի, բոլորի հոգիները։

Դիտեցի «Սասուն»ն ու հիացայ։ Իմ մէջ ծովացաւ զգացոմը՝ հպարտութիւն իմ հայ ժողովուրդի տաղանդի հանդէպ։ Թող այս տասներորդ տարուան երեկոն դառնայ ձեր կեանքի երիտասարդութեան սկիզբը՝ առագաստանաւը, որպէսզի առաջնորդէք եկող սերունդները…

Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն Թորոնթոյի Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանին, որ լայն բացուած կարկինով իր հոգածութեան առարկան դարձուցած է «Սասուն» պարախումբի զարգացումն ու սերտացումը։

Երեկոյի աւարտին Տէր Զարեհ ջերմ խօսքերով քաջալերեց պարախումբի մեծ ու փոքր անդամները, Ռուբէն Սասունցին, որ իր ձայնով վառ պահեց այս տօնախմբութիւնը։ Տէր Հայրը շհորհակալական խօսքեր արտայայտեց նաեւ Ճօ Աւագեանին եւ իր ընտանիքի անդամներուն՝ Սօսիին, Սեւակին ու Սարինին։

Ծաղկեփունջեր ստացան համոյթի ղեկավարները, պարուսոյցները, երգիչ՝ Ռուբէն Սասունցին եւ «Սասուն» պարախումբին բոլոր օգտակար հանդիսացողները։

Տէր Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան բեմ հրաւիրեց Գերյարգելի, Արժանապատիւ եւ Վերապատուելի հոգեւոր հովիւները, որոնք աղօթքով ու «Պահպանիչ»ով փակեցին այս բացառիկ երեկոն։

Իրաւ եզակի երեկոյ մը, տօնախմբութիւն մըն էր։ Եկանք, տեսանք եւ հպարտ զգացինք։

3IMG_2981

Donate