Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Assumption 2Մադատ Բ. Մամուրեան

Կիրակի Օգոստոս 16, 2009-ին տօնն էր «Վերափոխումն Ս.Աստուածածնի» այս առթիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյցեց և քարոզեց Եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, շրջապատուած եկեղեցւոյս Սարկաւագներով ու Դպիրներով, ներկայ էր նաև Արժ. Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան:

Երգեցողութիւն կատարեցին եկեղեցւոյս դպրաց դասը ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ բացօդեայ «Խաղողօրհնէք»-ի արարողութիւն ի ներկայութեան հոծ հաւատացեալներու որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խորովածի սպասարկութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ծխական Խորհուրդին և Տիկնանց Միութեան: Վարձքը կատար բոլորին:

Donate