Community Prayer Service for Lebanon and Syria

Community Prayer Service for Lebanon and Syria

Հինգշաբթի՝ 12 Դեկտեմբեր, 2024, երեկոյեան ժամը՝ 7:30-ին Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ յարանուանական Մարմնի, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Հիւրընկալեց «Համայնքային Միասնական Աղօթք», Լիբանանի եւ Սուրիաոյ խաղաղութեան եւ քաղաքացիներու եւ մանաւանդ մեր ազգակիցներու ապահովութեան համար:

Այս Աղօթահաւաքին, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Եկեղցւոյս Հոգեւոր Հովիւ Արժն. Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի եւ Հովիւի Օգնական՝ Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի կողքին, իրենց աղօթական մասնակցութիւնը բերին. Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Հոգեւոր Տեսուչ Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Արժ. Տէր Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Արժ. Տէր Հայկ Քհնյ. Շահինեան, Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ, Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս՝ Տիար Գրիգոր Փոսթաճեան, Թորոնթոյի Միջ Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճամպազեան եւ, Սբ. Երրորդութիւն եւ Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու Սարկաւագներ եւ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Երգչախումը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Սրկ. Ալթունեանի:

More Photos…

Donate