ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ
22 Մայիս 2011, Կիրակի առաւօտ, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագմատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց ԱռաքելականԵկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց Պոլսոյ Պատրիարքական ԸնդհանուրՓոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան։ Սրբազանը թափօրով ու«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ եկեղեցի մուտք գործեց եւ դէպի Ս. Խորանառաջնորդուեցաւ։ Ս. Խորանին վրայ իրեն առընթերակայ էին Եկեղեցւոյ ՀոգեւորՀովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Արժ. Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան(Պոլսոյ նախկին հոգեւորականներէն):
Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագաց լրիւ դասը եւ դպիրներ։Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ Դպրաց Դասին կողմէ,խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ ՍօնաԱրթինեանի։ Ճաշու Գիրքը կարդաց Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Ճաշու Աւետարանը՝Տէր Բարսեղ, իսկ վերաբերումը կատարեց Տէր Զարեհ։ Դասին մէջ ներկայ էր նաեւԱրժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Տէր Զարեհ, յանուն Գանատահայ Առաջնորդին,Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, յարակից մարմիններու ու ներկայ հաւատացեալժողովուրդին, բարի գալուստ մաղթեց Արամ Սրբազանին, առողջութիւն մաղթեցՄեսրոպ Պատրիարք Հօր, ինչպէս նաեւ արեւշատութիւն, ոյժ եւ կարողութիւնմաղթեց Աթէշեան Սրբազանին, որ Պոլսոյ դժուարին պայմաններուն տակ իրառաքելութիւնը կը շարունակէ։
Ապա հրաւիրեց զայն որպէսզի իր հայրական յորդորները փոխանցէ։
Արամ Սրբազան, Տէր Հօր սիրոյ արտայայտութիւններուն, Գանատահայ ԱռաջնորդԲագրատ Սրբազանին ու իր հոգեւոր եղբայրներուն շնորհակալութիւն յայտնելովսկսաւ իր խօսքը եւ ըսաւ թէ եկած է սրբազան առաքելութեան մը համար.«Իսկապէս ծանր գործ է զոր իրականացնել կ’ուզենք։ Նիւթապէս, բարոյապէս եւֆիզիքապէս, ծանր բեռան մը տակ մտած ենք Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին նորոգելու համար։ Այս եկեղեցին միայն Պոլսոյ համայնքին չէ որ կըպատկանի. այլ համայն հայութեան կը պատկանի, ինչպէս մեր բոլոր եկեղեցիները։Մենք սկսանք մեր այս հանգանակային շրջապտոյտին, համայնքին գիտակիցզաւակներուն լումաները ընդունելու։ Նուիրատու կամ ոչ, Աստուած բոլորինվարձահատոյց ըլլայ, առողջութիւն ու յաջողութիւն պարգեւէ:» ըսաւ ԱրամՍրբազան։
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց, բնաբան ունենալով
«Հայր մեր որ յերկինս ես» ։ Ըսաւ թէ, լեզու ունեցող ամէն ժողովուրդ աղօթելուփափաքը ունի իր մէջ: Ամէն ժողովուրդ իր պաշտած Աստուծոյն իր աղօթքը կըմատուցանէ եւ ամէն ժողովուրդի համար իր պաշտելի Աստուածը ուրիշ է։Քրիստոնէութիւնը սիրոյ, նուիրումի, զոհողութեան եւ ներողամտութեան կրօն է։Ի՞նչ է աղօթքը, աղօթքը սրտաբուխ ձեւն է հաւատացեալին Աստուծոյ հետհաղորդուելու։
Սրբազանը աղօթքի մասին այսպէս արտայայտուեցաւ. «Մարդիկ ընդհանրապէսաղօթել չեն գիտեր, կ’աղօթեն եւ չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ’աղօթեն: Շատախօսութիւնը,ցուցամոլութիւնը, արագօրէն արտասանելը, Աստուծոյ հետ սակարկութեանմտնելը, գոց սորված ու իմաստը չգիտցած աղօթքներ ըսելը աղօթել չէ, մերբառերով խնդրանքներն են որ իսկական աղօթք են։»
Արամ Սրբազան բացատրեց նաեւ «Հայր մեր»ին իմաստը, զայն բաժնելով գլխաւորերկու մասերու։ Առաջին մասը փառաբանութիւն. իսկ երկրորդ մասը՝խնդրանքներ:Ապա իւրաքանչիւրը բաժնեց նաեւ երեքական ստորաբաժանումներու,որոնց մասին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազանը թափօրի ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցաւեկեղեցւոյ բակը։ Ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն մը։ Արամ Սրբազան երեկոյան օդանաւով մեկնեցաւ Նիւ Եօրք: