Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա – Ժամագիրք

Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա – Ժամագիրք

«Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա։»
(Ժամագիրք)
 width=
Սիրելիներս,
Այսօր Յարուցեալ Յիսուս կը դիմէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ըսելով, «Ես եմ Յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբէք պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ըսածիս:»
Արդ եկէ՛ք միանանք Մարթային եւ միասնաբար պատասխանենք մեր Տիրոջ, ըսելով՝ «Այո Տէր, կը հաւատամ թէ Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր:»

Սիրելիներս, Յարութեան հաւատքով եւ լոյսով կը դիմենք Արցախեան վերջին պատերազմի որդեկորոյս ծնողներուն, այրիացած կանանց, որբացած զաւակներուն, հաշմանդամ եւ վիրաւոր զինուորներուն, երկարատեւ համավարակի բերումով ահի եւ շփոթի մատնուածներուն եւ մեր բոլոր հաւատացեալներուն, ըսելով՝
Քրիստոս Յարեա՜ւ ի մեռելո՜ց
Արդ, զօրացի՛ր եւ միաբանուի՛ր իմ քաջ ժողովուրդ, պաշտպանելու համար քո հայրենիքը եւ սրբութիւնները: Յիշեցէք, սիրելիներս, խաչը ոչ միայն տառապանքի, այլ յատկապէս յաղթանակի նշան է: Հայոց Գողգոթա դարձած Եռաբլուրը ոչ թէ մեր հազարաւոր նահատակ զինուորներու կեանքի աւարտն է, այլ անոնց նոր եւ յաւիտենական կեանքի սկիզբը:

Սուրբ Զատկուայ այս Սբ. Տօնին ծնրադիր կ’աղօթեմ Յարուցեալ մեր Փրկչին եւ կը պաղատիմ ըսելով, «Տէր, օրհնէ եւ օգնական եղիր իմ ժողովուրդին եւ Քու Աստուածային խաղաղութեան մէջ պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը, Հայաստանն ու Արցախը, պատերազմներէն եւ թշնամիներու յարձակումներէն՝ Քու Սուրբ եւ պատուական Խաչի հովանիին ներքոյ, որովհետեւ Դուն ես մեր Փրկիչն ու յոյսը եւ միայն Քեզի կը վայելէ փառքը եւ օրհնութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»:

Ձեր բոլորի առողջութեան, արեւշատութեան եւ բարի գործերու յաջողութեան համար մնամք սիրով աղօթարար:

Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Donate