Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ին, աշխարհի տարածքին համայն հայկական եկեղեցիները նշեցին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցը։
Երեկոն սկսաւ եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու կողմէ կատարուած Ճրագալոյցի ընթերցումներով։ Ս. Ծննդեան առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, ընթերակայ ունենալով հոգեւոր հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Թանաշեան եւ խորանին ծառայող սարկաւագներ։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ ղեկավարութեամբ՝ տիար Շահէ Ալթունեանի։
Մեծ պատիւ էր որ Ս. Ծննդեան Պատարագին իրենց ներկայութիւնը բերած էին նաեւ՝ Թորոնթոյի Անգլիկան եկեղեցւոյ թեմի պատասխանատու՝ Հայր ֆիլիփ Հափսըն եւ Հայր Հարըլտ Նահապետեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, հաւատացեալները եկեղեցւոյ աստուածային լոյսն ու օրհնութիւնը խորհրդանշող վառած մոմերը իրենց հետ տուն տարին։ Լուսաւոր ճրագները խորհրդանիշն են Բեթղեհեմի աստղին, որ մոգերուն առաջնորդեց դէպի մանուկ Յիսուս Քրիստոս։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւորականներն ու հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ նախասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական Տնօրհնէքը։
6 Յունուար, 2020-ին Ս. Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուայ պատարագիչն էր Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, որուն կ՛աջակցէին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Թանաշեան։
Ս. Պատարագին մասնակից դարձան եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Շահէ Ալթունեանի, եւ նուագակցութեամբ՝ Տիկին Սոնա Արթինեանի։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան խորան բարձրացաւ «Ուրախ Լեռ» շարականի ներքոյ, իր հետ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ առաքուած կոնդակը, ուղղուած՝ տիար Մատաթ Մամուրեանին, ի պատիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ցուցաբերած երկարամեայ իր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ հայկական կազմակերրպութիւններու եւ զանազան հարատարակութիւններու բերած իր օժանդակութեան համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան կատարեց ջուրի օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մկրտութիւնը, որուն ընթացքին «Կնքահօր» խորհրդանշական պատիւը տրուեցաւ Տիար Միսաք Միրզոյեանին։ Աւարտին, օրհնուած ջուրէն իրենց բաժինը ստացան ներկայ գտնուող հաւատացեալները։