Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ

Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ

 

Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ  ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ

Յարութիւն Դերձակեան 

Ս. երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակի տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններով ու մեծ ոգեւորութեամբ  տօնախմբուեցաւ Թորոնթոյի մէջ։

Կիրակի օրուայ Ս. պատարագը մատուցանեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ.  Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, որ լրիւ հանդերձաւորուած էր։ Իրեն առընթերակայ ունենալով թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս.սեղանին սպասարկեցին նախկին Պոլսահայ Բրշ. սարկաւագներ Գրիգոր սրկ. Թոզաքեան, Կարպիս սրկ. Չիչէքեան, Ռոյ սրկ.Քիւչիւքաթէշ, Նուրհան սրկ. Իփէքեան ինչպէս նաեւ Տարիուս սրկ.Կիւմիւշճեան։  Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի։ Հաւատացեալներ վերացած հոգեկան վայելքով հետեւեցան մեր սքանչելի երգեցողութիւններուն։

Գանատահայոց փոխ Առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւս նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետի կողմէ իրեն շնորհուած օրհնութեան եւ գնահատանքի սրբատառ կոնդակը ստացաւ ձեռամբ՝ Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի, որ կարդացուեցաւ Սրբազան հօր կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան գիրին մէջ հետեւեալ կերպով կ՚ անդրադառնար, « Տասնամեակներ շարունակ Դուք անսակարկ նուիրումով հոգեւոր սպասարկութիւն իրականացուցած էք Թորոնթոյի Սուրբ երրորդութիւն եկեղեցին, անկեղծ հաւատքով ու ներշնչումով ծառայելով Տիրոջ կենաց խօսքը սերմանելու սրբազան առաքելութեանը։ Ժրաջան ծառայութեամբ Դուք յաջողած էք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբել մեր ժողովուրդի զաւակները կրթելով իրենց հոգիները հոգեւոր ու ազգային մեր արժէքներով։ Այսօր Սուրբ երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանին ներքեւ կը գործեն հոգեւոր, կրթական ու ազգային մի քանի տասնեակ մարմիններ, որոնք միասնաբար համայնքային կեանքն են որոնք կը սնուցանեն ու կը զօրացնեն նպաստելով Առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Առանցնակի գոհունակութիւն է Մեզի համար անդրադառնալ, որ Հայրենիքի անկեղծ սիրով Դուք կարելին ի սպաս դրած էք աջակցութիւն բերելով հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին։ Մենք բարձրօրէն գնահատած ենք Ձեր ծառայասիրութիւնը, ազգասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը։»

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, նախկին հոգեւոր հովիւներու, կնքահայր եւ բարերարներու, նախկին ծխական խորհուրդի անդամներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը ազգայիններու հոգիներուն ի հանգիստ։ Դպրաց դասին կողմէ երգուած «Ո՜վ հայոց աշխարհ » երգեցողութեամբ 90 ամեակի արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

 

Donate