Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՄԵՍՐՈՊ ԱԶԳ. ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՄԱՅԻՍ ԵՒ ՅՈՒՆԻՍ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Տարեկան Երգահանդէս – 12 Մայիս, 2018
Գարնան ծաղկուն օրերուն ներդաշնակ տրամադրութեամբ, 12 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին աւանդութիւն դարձած վարժարանի տարեկան համերգը, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահէն ներս։ Ծնողներ, հրաւիրեալներ եւ ուսուցչական կազմ, մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէին թիւով շուրջ 250 աշակերտներու ամբողջ տարուան մը ընթացքին սորված երգերու ներկայացման։ Տիկին Նաթալիա Նաւասարդյանի շնորհակալ, հոգածու եւ բծախնդիր աշխատանքի արգասիքը իսկապէս որ գոհացուցիչ ըլլալէն շատ աւելին էր։
Երկու խումբերու բաժնուած, վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երկու տասնեակէն աւելի մանկական եւ հայրենասիրական թեմաներով երգեր, խինդ ու ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահէն ներս։ Ելոյթի ամբողջ ընթացքին հպարտօրէն հնչեցին հայերէն խօսքն ու երաժշտութիւնը, գոհունակութեամբ լեցնելով ներկաներուն սրտերն ու հոգիները։
Վարժարանի Ամավերջի եւ Մանկապարտէզի Աւարտական Հանդէս – 9 Յունիս, 2018
Աշակերտներու զուարթ եւ անհամբեր ձայներով լեցուած Շաբաթօրեայ վարժարանի մարզասրահը, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, արդէն սկսած էր ընդունիլ ծնողներն ու հրաւիրեալները։ Տարի մըն ալ իր աւարտին հասած էր յաջողութեամբ, ի ուրախութիւն դպրոցի անձնակազմին ու աշակերտութեան։ Տնօրէնութիւն, Խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ ու հովանաւորներ, անձնուրաց աշխատանքով փորձած էին առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ Հայրենիքը իրենց մտքին ու սրտին մէջ պահած, Սփիւռքի մէջ հասակ առած մատղաշ այս սերունդին, որ իւրաքանչիւր Շաբաթ օր, երբեմն տրտնջալով եւ երբեմն ալ անտրտունջ, յաճախեցին հոն՝ հայերէն լեզու եւ հայկական ոգի պատուաստող այս մտերմիկ վարժարանը։ Վարժարան մը, ուր հայ աշակերտը գտաւ իր երկրորդ ընտանիքը՝ շնորհիւ հոգատար եւ պատասխանատու Տնօրէնութեան։ Այնտեղ, իւրաքանչիւր Շաբաթ օր հնչեց հայերէն խօսքը՝ ոչ միայն դասապահերու, այլ նաեւ՝ արտադասարանային զանազան աշխատանքներու ընթացքին՝ ինչպէս, թատրոն, երգ ու պար, արուեստ ու մարզանք։
Մարզասրահի մուտքին տեղադրուած էին Արուեստի դասարանի մասնակիցներուն մէկ տարուան աշխատանքները։
Տնօրէնութեան բարի գալուստի խօսքէն ետք, յաջորդաբար իրենց բաժիններով հանդէս եկան մանկապարտէզէն մինչեւ 7-րդ դասարանի աշակերտներ, ներկայացնելով՝ արտասանութիւններ, պար, երգ ու թատրոն։ Մանկապարտէզի աշակերտները (զոյգ՝ Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ բաժիններով) ստացան իրենց վկայականները, մինչ Այբբենարանի աշակերտները, հանդէս եկան իրենց յատուկ յայտագիրով, հպարտօրէն հաստատելով, որ արդէն կը տիրապետեն հայերէն այբուբենին եւ պատրաստ են անցնիլ երկրորդ դասարան։
Որոշեալ յայտագրէն ետք, ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին Մանկապարտէզէն վկայեալներու «Ի՞նչ կ՛ուզեմ դառնալ երբ մեծնամ» բաժինը, որուն ընթացքին երեխաները յայտնեցին ապագայի իրենց երազած ասպարէզի անունը։ Աւարտին՝ բեմ հրաւիրուեցաւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, շնորհաւորելու աշակերտներն ու իրենց ծնողները, յայտնելու իր պատգամը, փոխանցելու սրտի խօսքն ու «Պահպանիչ»ով աւարտելու ուրախալի այս հանդէսը։
Աւարտական 8-րդ դասարանի Ամավերջի հանդէս- 16 Յունիս, 2018
Ս.Ե.Հ.Ա. եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահը, նախօրօք զարդարուած օրուան առիթին համապատասխանող գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով, դռները բացած կը սպասէր Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի աւարտական 8-րդ դասարանի աշակերտները։
Թիւով 26 աշակերտներ, ամբողջացնելով վարժարանի 10-ամեայ կրթական ծրագիրը, հպարտութեամբ պիտի ստանային իրենց վկայականները։
Հանդէսը սկիզբ առաւ շրջանաւարտներու սրահ մուտքով, որոնք ծաղիկներու ոստերով դիմաւորուեցան զոյգ շարքերով կանգնած իրենց ընկերներուն կողմէ։
Վարժարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթի հրաւէրով ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին աշակերտներու կողմէ կատարուած Գանատայի եւ Հայաստանի հիմները եւ դպրոցի ուխտը։
Բացման խօսքին մէջ ան ընթացիկ տարեշրջանը կոչեց «Յաղթանակի Տարի», հպարտութեամբ նշեց, որ այս տարուան շրջանաւարտները կը ներկայացնեն դպրոցի 62-րդ հունձքը։ Անդրադարձաւ դպրոցի աշակերտութեան թիւի աճին (շուրջ 320 աշակերտներ)։ Ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Զարգարեանին, աղօթաշունչ իր հոգատարութեան համար, «Բարեւ» կեդրոնի անդամներուն, խնամակալներուն, ծնողներուն եւ դպրոցի անձնակազմին։ Խօսք առաւ նաեւ TDSB-ի ներկայացուցիչ՝ Ճօլի Եանկը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին վարժարանիս հետ արդիւնաբեր համագործակցութեան համար։
Յաջորդաբար հանդէս եկան շրջանաւարտները (Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ բաժիններով)։ Ծրագիրը բազմազան էր. ներկայացուեցան խմբային արտասանութիւն, անհատական խօսքեր, բեմականացում (շաբաթօրեայէն պատկերներ), երգ, շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր։ Յատկանշական էր աշակերտներու կողմէ պատրաստուած տեսերիզը, ուր պատկերուած էին շրջանաւարտներու տասնամեայ յիշատակները այս վարժարանէն ներս։
Խօսք առաւ նաեւ՝ Տիկին Մարիէթա Գասպարյան, որ կարեւորեց կրթական եւ մարդկային արժանիքներով հարուստ այս տարիներու գնահատելի արժէքը իւրաքանչիւր հայ աշակերտի կեանքին մէջ։
Աւարտին, Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան կատարեց վկայականներու բաշխումը, շնորհակալական խօսք ուղղեց յարգարժան Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ընդգծելով, որ աշակերտները աւարտելով այս դպրոցը մաս պիտի կազմեն գաղութի հայ կեանքին, դառնալով եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ ազգի պատուաբեր անհատներ։
Պէթթի Փանոսեան
Ս.Ս. եւ Ս. Մ. Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցիչ