Ս.Ե.Հ.Ա.Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջին Հանդէս

Ս.Ե.Հ.Ա.Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջին Հանդէս

Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ամավերջին հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 9, 2013-ին եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ յաւարտ Ս. Պատարագին:

Այս տարուայ աւարտական հունձքը կը բաղկանար երեք պարմաններէ:
Սբ. եւ Անմահ Պատարագէն ետք սրահը լեցուեցաւ հրաւիրեալ հիւրերով, բարերարներով եւ ծնողներով:  Ներկայ էին եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Դստերք Վարդանանց «Արտեմիս Օթեակ»ի Տիրուհի՝ Տիանա Պօղոսեան, Վարդանանց Ասպետներու «Ալիշան Դահլիճ»ի Սպարապետ Մուրատ Նշան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ Տիկ. Սիրվարդ Պէնէտիքդ, Կիրակնօրեայ Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Տիկին Սեդա Գանտահարեան, պատուական հիւրեր եւ ծնողներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն մուտքով: Ձեռքերնին մեխակ բռնած հետեւելով աւարտական աշակերտներուն որոնք մոմ եւ Աստուծոյ սպառազինութեան խաչը բարձրացուցած բեմ յառաջացան:

sIMG_7581

sIMG_7597

Բացումը կատարուեցաւ «Հայր Մեր»ով, քայլերգով եւ շարականով:  Տիկ. Հռիփսիմէ Թահմազեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք սկսաւ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը:  Այս տարուայ նիւթ ունենալով «Աստուծոյ Սպառազինութիւն»ը, զոր գերազանց ձեւով ներկայացուցին մեր աշակերտները թէ հայերէն թէ անգլերէն: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր բաժինը բերաւ այս հանդէսին: Անոնք կարդացին, արտասանեցին սաղմոսներ, առակներ բոլորը քաղուած Աստուածաշունչէն: Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնամուրի վրայ: Այս բոլորը պատրաստուած էր բծախնդրօրէն:
Ապրին մեր աշակերտները եւ մեծ գնահատանք կ’երթայ ծնողներուն, որոնք ամենայն զոհողութեամբ եւ ճիգով կը բերեն իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարան, ստանալու կրօնական, հայկական եւ հաւատքի դաստիարակութիւն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Զարեհ Ա. Քահանան յանձնելու մեր շրջանաւարտներուն վկայականներն ու Աստուածաշունչեր:
Այս տարուայ շրջանաւարտներն են-
Գրիգոր Միրզոյեան
Անտրու Շըմիթաթ
Ժոզէֆ Սաուայա

sIMG_7655

sIMG_7653

sIMG_7654

Ապա Տէր Հայրը իր մաղթանքները փոխանցեց աշակերտներուն, շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, օգնականները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներէն Օրդ. Ճէնիֆըր Պոյտ ստացաւ յուշատախտակ Կիրակնօրեայ վարժարանին 10-ամեայ ծառայութեան համար ձեռամբ Տէր Հօր: Ան նաեւ արժանացաւ գնահատանքի ջերմ մաղթանքներու ու ծափողջոյնի ներկաներուն կողմէ:

Տնօրէնուհի Սօսի Պարոնեան կարդաց տարուայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն ի մասնաւորի մրցանակ յանձնողներուն.-

Դստերք Վարդանանց «Արտեմիս Օթեակ»ի
Վարդանանց Ասպետներու «Ալիշան Դահլիճ»ի
Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Տիկին Սիրվարդ Միքայէլեան
Տիկին Սեդա Գանտահարեան
Տիկին Լուիզա Քերիմ
Օրդ. Սրբուհի Էվրան

sIMG_7670

Մրցանակներ բաշխուեցան «Ճաշու Գիրք» կարդացողներուն, նուէրներ՝ օգնականներուն եւ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներուն, որոնք մեծ նուիրումով եւ հոգատարութեամբ կրօնական դաստիարակութիւն կը սերմանեն մանուկներուն հոգիներուն մէջ:

Շնորհիւ մեր նուիրեալ ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն, հիւրասիրութեան սեղան մը սարքուած էր եւ բոլոր հիւրերը հիւրասիրուեցան, միաժամանակ առիթը ունեցան դիտելու աշակերտներուն ձեռային աշխատանքները, զոր դասաւանդուած էր բոլոր տարուայ ընթացքին:
Ծնողք ու ներկաներ ուրախ եւ հպարտ հրաժեշտ տուին ուսուցչուհիներուն  վերամուտին տեսնելու յոյսով:

Բարի եւ ապահով արձակուրդ
Ձտեսութիւն բոլորին:

Տնօրէնուհի
Սօսի Պարոնեան

Donate