Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
Յուլիս 5 եւ 6-ի շաբաթավերջին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Ծխական Խորհուրդը, Թեմական Խորհուրդի պատգամաւորներն ու հաւատացեալները ողջունեցին ներկայութիւնը Գանատահայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեանի։
Շաբաթ, Յուլիս 5-ին, Առաջնորդը հանդիպեցաւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ, հիւրասիրութեամբ Ատենապետ Պրն. Օհան Օհանեանի եւ ընտանիքին։
Կիրակի, Յուլիս 6-ին, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնց մէջ կը գտնուէին Թորոնթոյի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Պատարագը մատուցեց Առաջնորդ Հայրը, առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի եւ մասնակցութեամբ բարեշնորհ սարկաւագներու եւ դպիրներու։ Ներկայ էր նաեւ Անկլիգան Եկեղեցիէն՝ Տ. Հարոլտ Քհն. Նալպանտեան։ Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Պրն. Շահէ Ալթունեանի, յաւելեալ փայլ բերաւ հոգեւոր բարձր տրամադրութեան որ այս ուրախ առիթը ստեղծած էր։
Յանուն Ծխական Խորհուրդի, յարակից մարմիններուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն, Տէր Զարեհ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց զայն իր նոր կոչումին առիթով, արտայայտելով բոլորի պատրաստակամութիւնը նեցուկ կանգնելու անոր՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդութեան աշխատանքին վերելքին ի նպաստ։ Ապա Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը որ իր պատգամը փոխանցէ ներկաներուն։
Հոգշ. Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան փառք տուաւ Աստուծոյ իր քայլերը առաջնորդելու համար, երախտագիտութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ իրեն առիթը ընծայեց ծառայելու Գանատահայոց Թեմին՝ իբրեւ Առաջնորդ։
Իր ներշնչող քարոզի ընթացքին Առաջնորդ Հայրը արագ ակնարկ մը նետեց երկար ու դժուար ճամբուն, զոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին անցած է դարերու ընթացքին, շեշտելով այն իրողութիւնը թէ Եկեղեցին միշտ կարեւոր դեր ունեցած է Քրիստոսի հաւատքը փոխանցելու սերունդներուն։ Այս երկար ժամանակաշրջանին, Եկեղեցին եւ հաւատացեալները միշտ դիմագրաւած են մարտահրաւէրներ եւ առ այդ դարձած աւելի զօրաւոր՝ առաջնորդուած Աստուծոյ ուղիով։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Տ. Զարեհ Զարգարեանի սէրն ու նուիրուածութիւնը հանդէպ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ։ Ան գնահատեց նաեւ Ծխական Խորհուրդի, սարկաւագներու, դպրաց դասի եւ բոլոր յարակից մարմիններու ամբողջական նուիրումն ու աշխատանքը ի սպաս համայնքի հոգեւոր, մշակութային ու մարդասիրական բարօրութեան։
Ս. Պատարագի ընթացքին մեծ թիւով հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան ձեռամբ Հոգշ. Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեանի։ Եկեղեցւոյս Սբ. Սահակ-Սբ. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները, որոնք ներկայ էին Ս. Պատարագին, նաեւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Անոնք, առաջնորդութեամբ երեք ուսուցիչներու եւ Տ. Զարեհ Քահանային, պիտի այցելեն Մայր Հայրենիք՝ Յուլիս 8-23։
Ս. Պատարագի աւարտին, ի պատիւ Հոգշ. Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեանի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած Ծխական Խորհուրդին կողմէ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին հաւատացեալներ առիթը ունեցան շնորհաւորելու Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթելու իր առաքելութեան մէջ։