Մատաթ Բ. Մամուրեան
Շաբաթ, 9 Յունուար 2016-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա ներգաղթած սուրիահայերու հետ ծանօթացման հաւաք, որ կազմակերպուած էր Թորոնթոյի «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան կողմէ:
Ճաշի սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Սիւզի Գունտագճեան, որ «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան անունով շնորհաւորեց ներկաներուն Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով որ 2016-ը ըլլայ առողջութեամբ, արեւշատութեամբ եւ գործերու յաջողութեամբ լի տարի մը: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «…Մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն կը հաւաստիացնենք, որ Թորոնթոյի բոլոր հայ կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ եկեղեցիները ջանք ու ճիգ չեն խնայեր, որպէսզի սատար կանգնին նոր ժամանողներուն, որպէսզի անոնք շուտով տեղաւորուին եւ շարունակեն իրենց կեանքը Գանատայի մէջ…»: Ան իր ելոյթը վերջացուց ըսելով. «…Այս առթիւ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան անդամ-անդամուհիներուն, որ կարճ ժամանակի մէջ կրցան յաջողցնել սոյն ձեռնարկը, շնորհակալութիւն նաեւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեանին ու անդամներուն, որոնք մեր տրամադրութեան տակ դրին եկեղեցւոյ սրահը, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի այս ձեռնարկը…»:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հալէպի առաջին հայկական վարժարանի` «Կիլիկեան» Ճեմարանի երեսուն տարուայ վաստակաշատ տնօրէնուհի Տիկ. Ազնիւ Քիրիշեան:
Բարի գալուստի եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան բարեմաղթանքներով ելոյթ ունեցաւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, Հալէպէն եւ Դամասկոսէն ժամանած հայրենակիցներուն մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք այս օտար ափերու տարածքին, իրագործելու իրենց փափաքները: Ան ներկայացուց յամառօտ պատմութիւնը Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ եւ իր տարած ագօգուտ գործունէութիւնները համայնքէն ներս, ի մասնաւորի վերջին շրջանի «Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան» գրասենեակի բծախնդրօրէն տարած աշխատանքին մասին:
Անակնկալ եղաւ բոլորին, երբ ուրախ մթնոլորտի մէջ մուտք գործեց Կաղանդ Պապան եւ նուէրներ բաշխեց երեխաներուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով Ամանորը կը տօնախմբէին Գանատայի մէջ:
Հրանդ Քէթէնճեան եւ իր նուագախումբը հայկական եւ օտար պարեղանակներով միշտ լեցուն պահեցին պարահարթակը:
Կը շնորհաւորենք «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան վարչութիւնն ու անդամները, որոնք ներկայ սուրիահայ հայորդիներուն ընծայեցին ընկերային հաճելի եւ անմոռանալի վայելքի պահեր: