ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93 ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93 ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

2021-ի Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբերին Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին տօնախմբեց Ծուխի հիմնադրութեան 93-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով Սբ. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայութեամբ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանին եւ Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանին: Սուրբ Խորանի ծառայողներն էին՝ Շահնուր Սրկ. Այնաճեանը, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեանը, Սեւան Սրկ. Իշխանեանը, Ռոյ Սրկ. Քուչուքաթեշը, Հայկազ Սրկ. Միրզոյեանը եւ Արի Սրկ, Պոյաճեանը :
Սբ. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս Դպրաց Դասը, Դպրապետ Շահէ Ալթունեանի ղեկավարութեամբ:
Սբ. Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերուն, Եկեղեցւոյս ծառայած եւ մեզմէ հեռացած նախկին Հոգեւոր Հովիւներու, կնքահայրերու, նուիրատուներու եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ:


Նոյն օրը, Սբ. Պատարագէն ետք, պաշտօնական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահէն ներս։ Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութիւնը։
Օրդ. Անի Պապայանի կատարմամբ, Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար՝ Տիար Տիրան Բարնագօկլուն, ապա Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեանը, ազնուափայլ Երէցկին Նայիրա Զարգարեանը, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս՝ Տիար Վարուժան Լափոյեանը եւ ազնուափայլ տիկինը, Նախկին Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանը, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Պետրոսեանը, Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ․ Վրդ․ Թաշճեանը եւ Պաշտօնական այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ, գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր, բարերարներ եւ թորոնթոհայ համայնքի զաւակներ։


Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տիար Րաֆֆի Պետրոսեանը, «Պապայեան» Հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Քնար Պասմաճեան ներկայացուց իր սրտի խօսքը։
Տիար Արիս Պապիկեան փոխանցեց Օթարիոյ նահանգի Վարչապէտի Շնորհաւորական նամակը, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արժ. Տէր Հայարի քհնյ. Թանաշեանը:
«Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Լենա Տէր Պետրոսեանը եւ Անի Պապայանը հանդէս եկաւ երկու երգով` Տօնեմք եւ Երեւան-Էրէբունի:
Եկեղեցւոյս վաստակաշատ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 93- ամեայ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն։ Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ Հովիւներուն, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, 93-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարութեան, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյս հոգատարին եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն։
Ապա Գերշ. Սրբազան Հօր եւ Արժ. Տէր Հօր ձեռամբ յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Տիկին Սեզա Նազարեանին (Տարուայ Կինը), Բարեշնորհ Րոյ Սարկաւագ Քիւչիւքաթէշ (Տարուայ Մարդը), Օրդ. Նանէ Կոստանեանին (Տարուայ Երիտասարդուհին), Տիար Կոստան Կոստանեանին (Տարուայ Երիտասարդը), Տիկին Լորանս Նալպանտեան-Սարգիսեան եւ Դուստրերը՝ Մարիամ եւ Ալիս Սարգիսեան (Տարուայ Ընտանիքը)։

 

Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ 93-ամեակի կարկանդակի հատումը Սրբազան Հօր, Տէր Հօր, Ծխական Խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ:
Երեկոյթի պաշտօնական բաժնի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն շնորահաւորեց պարգեւատրեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու Հայ Եկեղեցւոյ։
Սրբազան Հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի գործունէութիւնը, ան նշեց եւ շնորհաւորեց Տէր Հօր Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Հովուութեան 25 ամեակը եւ այս առթիւ Սուրբ Գեղարդը խորհրդանշող յուշամետալ մը փոխանցեց անոր: Նմանապէս, Սրբազան Հայրը գնահատեց Ծխական Խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ։
Յիշելի է, որ տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ շարք մը գեղեցիկ եւ իւրայատուկ նուէրներու ի նպաստ եկեղեցւոյ: Վաճառքի հասոյթը պիտի տրամադրուի Ելեղեցւոյ 93-ամեակին առթիւ կազմակերպուած դրամահաւաքին:
Ս.Ե.Հ.Ե. Մամուլի Գրասենեակ
Photo credit: Vasken Keshishian Photography

 

Donate