ՊԷՔՃԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՊԷՔՃԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

S2Գերմանիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Սրբ. Արք. Պէքճեան, որ Ս. Մկրտութեան մը ուրախ առիթով հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր, օգտուելով այս առիթէն իր օրհնաբեր այցելութիւնը պարգեւեց Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին:

Այս առթիւ 23 Օգոստոս 2009 Կիրակի առաւօտ. հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Գարեգին Սրբազանի, որ հանդիսաւորապէս ու հրաշափառի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի և առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան:

Պատարագիչ  Պէքճեան Սրբազանին առընթերակայ էր, եկեղեցւոյ օգնական հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ, գլխաւորութեամբ՝  Կարպիս Ա. Սրկ. Չիչէքեանի իսկ երգեցողութիւնները գեղեցկօրէն կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի:

Տէրունական աղօթքէն առաջ Սրբազան հայրը խօսեցաւ ներշնչեալ քարոզներէն մին, բնաբան առնելով Տիրոջ երկու գլխաւոր պատգամները որոնցմէ մէկը սէրն է, իսկ միւսը մարդկային մտածելակերպի մէջ գոյութիւն ունեցող իբրև սիրոյ արդիւնք ամէն բան իրարու հետ բաժնելու պատգամը: Քարոզիչ Սրբազանը օրինակներով բացատրեց այս երկու պատգամները, որոնց մէ առաջինը Քրիստոսի կատարած անդամալոյծի մը բժշկութեան հրաշքն էր, որու համար Յիսուս ըսաւ «մեղքերդ ներուած են»: Երկրորդ պատգամի կապակցութեամբ բացատրեց երկու ընկերներու իրարօգնութեան մասին կարճ պատմուածք մը, որ լաւ մը կը տպաւորէր եւ կը հրաւիրէր հաւատացեալ ժողովուրդը իրարու հանդէպ ունենալ սէր եւ օգնելու պատրաստակամութիւն:

S1

Այնուհետեւ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կարգ մը ազգայիններու հոգիներուն ի հանգիստ, որմէ ետք արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր Պահպանիչով:
Յաւարտ Ս. Պատարագի հիւր Սրբազանը շրջապատուեցաւ նախկին բարեկամներու եւ համակիրներու կողմէ եւ առիթն ունեցաւ մտերմօրէն զրուցելու անոնց հետ:

Donate