Շաբաթօրեայ Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսներ

Շաբաթօրեայ Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսներ

Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան
Վկայականաց Բաշխման Հանդէսներ
Շաբաթ, Մայիս 31 եւ Յունիս 7, 2014
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ

Ընդելուզուած այս երկու թուականները Թորոնթոհայ կեանքի հետ հպարտանքի եւ հաճոյքի պահեր ընծայեցին բոլոր անոնց, որոնք ներկայ եղան Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ս. Սահակ-Ս.Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Ծաղիկ դասարանի եւ 2013-14 Ուսումնական Տարեշրջանի Աւարտական Ամավերջի Հանդէսին եւ վկայականաց բաշխման:

Նստած տեղէս, երեւակայութիւնս զիս 58 տարիներ ետ տարաւ, երբ Գէորգ Սէմէրճեանի, Սմբատ Անտրիկեանի ու Վարդան  Վարդանեանի Հայ Դպրոցի տեսլականով որոշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ շաբաթօրեայ վարժարան մը սկսիլ, Թորոնթոյի մէջ նոր հաստատուած, Հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու:

Գէորգ Սէմէրճեանը  իբր տեսուչ եւ Անտրիկեանն ու Վարդանեանը իբր ուսուցիչ սկսանք դպրոցը Հինգշաբթի իրիկունները եօթ աշակերտներով: Մանրամասնութեան մէջ պիտի չմխրճուիմ բայց հարկ է ըսել, թէ մեզմէ ոեւէ մէկը ուսուցչական ասպարէզի մէջ չէր ծառայած, բայց ունէր սէրը հանդէպ մեր Հայ ազգին ու լեզուին ու մտահոգութիւնը նորեկ սերունդին հայ լեզուի ուսուցումը եւ իրենց հոգիներուն մէջ դրոշմելու Մեսրոպեան լեզուի ծիլերը:

Եւ այսօր երբ կը հետեւէի մանուկներու ու պատանիներու ելոյթներուն, զգացի ջերմութիւնը հայկական շաբաթօրեայ վարժարանի ոգեկան աշխարհին, որ ուռճացած բեմը լեցուցածէին հայ աշակերտութեամբ:

Վկայականաց բաշխումը, եռանդուն հայերէն երգերը գրաւականն էին այն  ճիգերուն, որոնք սկսած էին ներմուծուիլ մատղաշ հոգիներէն ներս:

Տարիներու հոլովոյթին հետ այս յարկէն ներս տարբեր անձեր, տարբեր կարողութիւններով եկան այս շաբաթօրեայ վարժարանի վերելքին համար աշխատելու, ծրագրելու ու աշակերտութիւնը ներշնչելու հայկական ոգիով ու տալու եւ զգացնելու իրենց հայ ըլլալու հպարտանքը:

Մանկապարտէզի հանդէսէն տուն վերադարձանք ուրախ եւ յուսալից, թէ մեր ցանած համեստ հունտերը, առողջ սերունդ պատրաստելու աշխատանքին մէջ արդիւնաւորուած են:

Յաջորդ Շաբաթ օր Յունիս 7-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ եղանք ուրիշ փաղանգ մը աշակերտներու 13 մանչ եւ 7 աղջիկ, որոնք գրեթէ 14 տարիքը թեւակոխած, իրենց ուսումնական տարեշրջանի արգասիքները ընծայաբերեցին ներկայ հասարակութեան, որոնք՝ Ս. Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Ազգային հերոս քաջ ԱՆդրանիկի նուիրուած ընթերցումներով ազգային ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Մեր մշակոյթի տիտաններու հեղինակած գրութիւնները համադրուած կեանքի բերին Շահան Շահնուրը, Կոստան Զարեանը, Յովհաննէս Շիրազը, Պարոյր Սեւակը, Զահրատը, Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, ցոյց տալով իրենց Հայերէն լեզուի ընդունակութիւնը, եւ այդ կը պարտին իրենց ուսուցիչներուն որ ճիգ չեն խնայած իրենց աշակերտներու հոգիներուն մէջ Հայերէն ընթերցասիրութեամբ զիրենք թրծելու:

Դպրոցական այս հանդէսներու ընթացքին կան երկու խմբակցութիւններ, մին՝ վարագոյրին ետեւ թաքուն աշխատողներու խումբ մը ու միւսը հանրութեան երեւցող խումբը: Պէտքէ ըսել, թէ զոյգ հանդէսներու պարագային ալ այս խումբերը իրենց լաւագոյնը տրամադրեցին յաջողութեամբ պսակելու այս հանդէսները:

Տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեանը հետզհետէ իր դրոշմը պիտի դնէ այս վարժարանի ուսումնական յայտագիրներուն վրայ, զանոնք դարձնելով դիւրահաղորդ, մատչելի ու հաճոյալի: Յաջողութիւն:

Նատա Նաւասարդեանը իր երաժշտական եզակի կարողութիւններով ծանօթ է, եւ իր գովելի աշխատանքը Հայ երգը սիրցնելու արդէն կ՝արտայայտուին մանուկներու եւ պատանիներու շուրթերուն  վրայ:

Դաստիարակ ուսուցիչ շրջանաւարտ դասարանի՝ Անդրանիկ Չիլինկիրեան, դիւրահաղորդ կերպով եւ անխառն սիրով իր աշակերտներուն սիրելին է դարձած 38 երկար տարիներ:

Ու վերջապէս եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ, S. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը որ իր աչքի լոյսի նման կը հոգայ իւրաքանչիւր մանկտւոյն, աստուածավայել կերպով Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, մեծնալու ու դառնալու Քրիստոնեայ Տիպար Հայը:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում ձեռամբ Տէր Հօր, Տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչ՝ Անդրանիկ Չիլինկիրեանին:

Շրջանաւարտները ստացան զանազան մրցանակներ տրամադրուած Թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու եւ անհատ Ազգայիններու կողմէ եւ երկու մրցանակներ 7-րդ դասարանի աշակերտներու յատուկ:

Հրաժեշտի ուղերձը ընթերցեց Մայքըլ Պոյաճեան սահուն առոգանութեամբ: Տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեան տուաւ իր հուսկ բանքը աւարտական դասարանի աշակերտներուն, նոր եւ յաջող ապագայի հեռանկարներ մաղթելով: Հովիւ՝ S. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը փակման խօսքով եւ պահպանիչով օրհնեց աշակերտութիւնը, շնորհաւորեց ծնողները ու փայլուն ապագայի հեռանկարով ու աղօթքով վերջ գտաւ 2013 -14 վկայականաց բաշխման հանդէսը Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի ներկայ տարեշրջանի: Յառաջիկայ Սեպտեմբերին նոր աւիւնով ու եռանդով դիմաւորելու եւ պատրաստուելու մօտալուտ 60-ամեակի տօնակատարութեանց:

Անխոնջ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, օգնականներուն եւ ծառայողներուն իմ խոր յարգանքս ու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներս:

Վարդան Վարդանեան
Հիմնադիր, տնօրէն, առաջին ուսուցիչ
Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Ազգային Շբթ. Վարժարանի
Թորոնթօ

Յունիս 10, 2014

Ստորեւ 2013-14 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն անուանացանկը .-

8-րդ Դասարան
Դերիկ Աղամալեան, Լենա Աղայեան, Գրիգոր Այնթէպլի, Նորա Գարամանլեան, Տանիէլ Գույումճեան, Ալիթա Եալտզճեան, Տանիէլլա Էքմէքճեան, Ալեքս Խաչիկեան, Մինէ Ծատուրեան, Արմէն Միրզայեան, Մինէ Միրզայեան, Գրիգոր Միրզոյեան, Մատլէն Նազարի, Անտրու Շմիթաղ, Մաթիու Ուալլընպըրկ, Արէն Չիլինկիրեան, Մայքըլ Պոյաճեան, Ժոզէֆ Սաուայա, Դրօ Տարագճեան, Դանիէլ Փիլոյան:

Ծաղիկ Դասարան
Ալէքսանդր Ակոփյանս, Շանթալ Իսքէնտէրեան, Էրիքս Փանոսեան, Կարպիս Կարապետեան, Քրիսթինա Տէրտէրեան, Նաթալի Պաղտասարեան, Մարալ Թորոսեան, Նայիրի Չամուրեան, Իզապէլլա Մարուուտ, Արեն Քուրույան եւ Նարե Սեդրակյան:

Please click here to see the photos:

Grade 8th Graduation

Kindergarten Graduation

Donate