Նշում՝ Թումանեանի Եւ Կոմիտասի 150 Ամեակի

Նշում՝ Թումանեանի Եւ Կոմիտասի 150 Ամեակի

Պէթթի Փանոսեան
Ընթացիկ տարին յատկանշական էր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ Հայ ժողովուրդի գրականութեան եւ երաժշտութեան մեծանուն երկու տիտաններ՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150 ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու շարքով, որոնց նշումը արտացոլումն էր աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի սիրոյն եւ գնահատանքին, հանդէպ՝ յոբելեարներուն եզակի տաղանդին։
Թորոնթոհայութիւնը եւս իր բաժինը բերաւ յիշատակելու անոնց մեծ վաստակը։  Արդարեւ 22 Յունիս 2019ին Գանատահայ Համայնքի Ծառայութեան «Բարեւ» կեդրոնի, ինչպէս նաեւ Արա եւ Ռոզա Տէր Յարութիւնեաններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկը դեռ երկար ժամանակ վառ պիտի մնայ թորոնթոհայ գաղութի մտապատկերին մէջ։ Ձեռնարկի իւրայատկութիւնը առաւել կը շեշտուէր մասնակից արուեստագէտներու այլազանութեամբ։

   

Տպաւորիչ էր Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ խորանի կամարին ներքոյ տեղադրուած երկու յոբելեարներու պատկերները։ Թումանեանը, որ գրականութեան կողքին եղած է  ազգային գործիչ եւ կեանքի վերջին տարիներուն նաեւ որբախնամ հայր՝ ջարդէն ազատած եւ Էջմիածնի մէջ ապաստան գտած հայորդիներուն,  եւ Կոմիտասը՝ որուն կեանքի հանգրուանները երբեմն զիրար հակասելով զայն հասցուցած են մինչեւ համաշխարհային ճանաչում եւ ապա մինչեւ անոր տխուր ու անշուք մահը Փարիզի մէջ։
Ռոզա Սաֆարեան-Տէր Յարութիւնեանի եւ «Բարեւ» կեդրոնի ատենապետ՝ Արմինէ Պոյաճեանի բացման խօսքերէն ետք, ներկաները ունկնդրեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ սիրուած արուեստագէտ՝ Նունե Ավետիսյանի տպաւորիչ  ասմունքի շարքը Թումանեանէն եւ այլ հեղինակներէ։ Արուեստագիտուհին ամբողջ ելոյթի ընթացքին իր գեղեցիկ կատարողութեամբ մէջ ընդ մէջ բեմ բարձրացաւ, ներշնչելով եւ տպաւորելով  հանդիսատեսը։ Թորոնթոհայ սոփրանօ՝ Լին Անոյշ Իշնարի եւ դաշնակահար Արթուն Միսքչյանի երաժշտական հիասքանչ կատարումներով հանդիսատեսը միաձուլուեցաւ օրուայ խորհուրդին, վայելելով երկու արուեստագէտներու  անթերի ու գեղեցիկ կատարումները։ Անոնք ներկայացուցին Կոմիտասէն երաժշտական չորս կտորներ, եւ Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն երկու արիաներ, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։

Հպարտանքի եւ ոգեւորութեան պահեր ապրեցաւ հանդիսատեսը, ի տես Թորոնթոյի Սիմֆոնիք նուագախումբի քառեակի հրաշալի կատարումներուն։ Ջութակահարներ` Marcus Scholtes, Adam Diderrich եւ  Anthony Rapoport եւ թաւ ջութակահար Andras Weber, ղեկավարութեամբ՝ մայեստրօ Նուրհան Արմանի, արուեստի բարձր կատարողութեամբ ներկայացուցին Կոմիտասէն ինը ստեղծագործութիւններ։ Իսկապէս դժուար էր ընկալել, որ մասնակցները մեծ մասամբ ազգութեամբ հայ չէին։ Համաշխարհային մէկ ու միակ լեզուն՝ երաժշտութիւնը, զանոնք միաձուլած էր Կոմիտասի անզուգական արուեստին հետ, առիթ ընծայելով, որ անոնք  հարազատօրէն եւ անկաշկանդ զգան ներկայացուած կտորը, ապրին անոր իւրաքանչիւր ելեւէջն ու իմաստը եւ զայն փոխանցեն հանդիսատեսին։ Ներկաները յոտնկայս, երկար ժամանակ ծափահարեցին երաժիշտներուն, ի գնահատանք Կոմիտասեան երաժշտութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած բծախնդիր եւ բարձր մակարդակի կատարողութեան։  

Աւարտին, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ գանատահայոց թեմի փոխ առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, բարձր գնահատեց ներկայացուած ձեռնարկը, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից արուեստագէտներուն իրենց ներկայացուցած հրաշալի կատարումներուն համար, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն՝ այս աննախընթաց ելոյթի մտայղացումին առթիւ։ «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ ձեռնարկը։

 

Donate