ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆԸ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆՈՅ ՄԷՋ

ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆԸ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆՈՅ ՄԷՋ

Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Մամլոյ Գրասենեակ

 

Կիրակի, Սեպտեմբեր 27, 2015-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնի  օրհնութիւն, ձեռամբ՝  Ամենայ Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ  Հայրապետի: Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը՝ Միւռոնօրհնէքը, կատարուեցաւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին, որը կը յիշատակէ  Ս. Հռիփսիմէ կոյսի կողմէ Հայաստան բերուած, Տէրունական Խաչափայտի մասունքի հրաշափառ գիւտը:

Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Աւագանիի եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.  կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Շահան Արք. Սարգիսեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, քոյր Եկեղեցիներու հովուապետներ եւ պատուաւոր ներկայացուցիչներ, Հայոց Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներ, թեմակալ առաջնորդներ ու թեմական պատուիրակութիւններ, Հայաստանէն ու Սփիւռքի համայնքներէն ժամանած բազմահազար ուխտաւոր հայորդիներ, որ եկած էին  Բիբլիական Արարատ լերան խոհրդաբեր հայացքի ներքոյ մասնակիցն ու ականատեսը դառնալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աւանդութեամբ մեզի հասած սրբազան ու վեհաշուք այս արարողութեան:

Blessing of Muron

Աստուծոյ շնորհով, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեանի նախագահութեամբ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի ղեկավարութեամբ, Գանատայէն եւս հայ ուխտաւորներու խումբ մը  մեկնած էր Հայրենիք՝ իրենց աղօթալից մասնակցութիւնը բերելու Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան:

Մեծասքանչ այդ օրը, համայն հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ ուղեկցութեամբ 12 եպիսկոպոսներու, Ս. Տրդատ Թագաւորի Բացօդեայ Խորանին վրայ մեծ շուքով կատարեց սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը:

«Հրաշափառ»ի կատարումով հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ  դեպի Խորան, ապա միասնական «Տէրունական» աղօթքով սկսաւ Միւռոնօրհնէքի սրբազան արարողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը Միւռոնի կաթսային խառնեց 40-է աւելի բոյսերէ պատրաստուած ծաղկանիւթը եւ  բալասանը, ապա Սրբազան Աւանդութեան համաձայն խառնեց նաեւ հին միւռոնը՝  Լուսաւորչի ձեռքով օրհնուած Միւռոնի զօրութիւնը փոխանցելով նորին։ Վեհափառ Հայրապետը նոր Միւռոնը օրհնեց Կենաց Խաչով, Աստուածամուխ Ս. Գեղարդով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով։

Միւռոնօրհնէքի արարողութեան աւարտին Գարեգին Վեհափառ Հայրապետը  իր պատգամը ուղղեց բոլոր ներկաներուն. «Մեր նորօրհնեալ կեանքի յուսալերութեամբ նորաեփ այս Միւռոնը` օրհնուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նուիրական տարում, նաեւ` մեր սրբացեալ նահատակների բարեխօսութեան հայցով, կոչում ենք ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆ`հաւատով, որ այն հաւատացեալներու հոգիներուն դրոշմելու է մեր սուրբ նահատակներու, Տէրոջը բոլոր վկաներու եւ հայրենեաց պաշտպան մեր նախնեաց հոգւոյ արիութիւնն ու անպարտ ոգին»:

Նորաեփ Միւռոնը, հայրապետական կնիքով դրոշմուած սափորներով պիտի բաժնուի հայ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն:

Click here for more photos by Vahan Abrahamyan

1

 


The Holy Chrism of Victory Blessed in Mother See of Holy Etchmiadzin

On September 27, 2015, by the providence of our merciful God, in this year of the 100th anniversary commemorating the Armenian Genocide, a new joy flows in our lives through the Blessing of the Holy Chrism. It is on the Feast of the Holy Cross of Varag, the cherished commemoration of the miraculous revelation of the relic of our Lord’s cross, brought to Armenia. His Holiness Karekin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians, assisted by twelve Archbishops, presided over the Blessing of the Holy Chrism in the spiritual center of all Armenians – the Mother See of Holy Etchmiadzin.
The President of the Republic of Armenia, His Excellency Serzh Sargsian, Archbishops Mushegh and Shahan, representing His Holiness Aram I, Catholicos of the Great House of Cilicia, His Beatitude Archbishop Nourhan Manougian, the Armenian Patriarch of Jerusalem, His Eminence Archbishop Aram Ateshian, Vicar General of the Armenian Patriarchate of Constantinople, the honourable heads and honoured representatives of our sister Churches, high-ranking state leaders of the Republic of Armenia, heads and representatives of diplomatic missions accredited in Armenia, Diocesan Primates of the Armenian Church and members of the Brotherhoods of the Mother See and the Hierarchical Sees, and thousands of pilgrims from all over the world gathered under the gaze of Biblical Ararat to partake in this special Service.

With the grace of God, His Grace Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Diocese of Canada, and a delegation of the Canadian Armenian pilgrims under the leadership of Rev. Archpriest Zareh Zargarian, Pastor of Holy Trinity Armenian Church of Toronto, crossed continents to bring their prayerful participation to the Blessing Service of the Holy Chrism.

 

His Holiness Karekin II proclaimed this Chrism to be the Chrism of Victory mentioning that “this Chrism prepared with confidence and hope in our newly ordained life, blessed in this revered year commemorating the 100th anniversary of the Armenian Genocide, and with the intercessory prayers of our sanctified Martyrs, is hereby proclaimed to be the Chrism of Victory, with the belief that it shall seal the souls of our faithful with the courageous and undefeatable spirit of our Holy Martyrs, all of the Lord’s witnesses and our forebears who defended our patrimony.”

Click to Watch the Service in Armenian
Click to read the Message
of His Holiness Karekin II in English

 

Donate