ՅԱԿՈԲ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

ՅԱԿՈԲ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

ՅԱՅՏՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱԿՈԲ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Յարութիւն Դերձակեան 

Ս. երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակի տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններով ու մեծ ոգեւորութեամբ  տօնախմբուեցաւ Թորոնթոյի մէջ։

Կիրակի օրուայ Ս. պատարագը մատուցանեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ.  Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, որ լրիւ հանդերձաւորուած էր։ Իրեն առընթերակայ ունենալով թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս.սեղանին սպասարկեցին նախկին Պոլսահայ Բրշ. սարկաւագներ Գրիգոր սրկ. Թոզաքեան, Կարպիս սրկ. Չիչէքեան, Ռոյ սրկ.Քիւչիւքաթէշ, Նուրհան սրկ. Իփէքեան ինչպէս նաեւ Տարիուս սրկ.Կիւմիւշճեան։  Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի։ Հաւատացեալներ վերացած հոգեկան վայելքով հետեւեցան մեր սքանչելի երգեցողութիւններուն։      

Յընթացս Ս. պատարագի « ուրախ լեր » շարականի երգեցողութեամբ Տէր Հայրը սրբատառ կոնդակով դէպի Ս. խորան բարձրացաւ ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  սրբատառ կոնթակը կարդաց։ Վեհափառ Հայրապետը իր կոնդակին մէջ յատկապէս կը շեշտէր՝

«Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի միջոցաւ տեղեկացանք Ձեր ազգային կեանքի արդիւնաշատ վաստակի մասին։ Ձեր ազգանուէր ծառայութիւնը սկսած էք Ձեր ծննդավայր Պէյրութէն, ծաւալուն գործունէութիւն ունենալով Պէյրութի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութեան  արդիւնաւորման համար։ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն դրսեւորեր էք Ձեր աննահանջ սէրն ու որդիական հաւատարմութիւնը հանդէպ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, բազմաթիւ գործեր եւ նախաձեռնութիւններ իրականացնելով։ Գանատայի մէջ եւս ազգային ու հոգեւոր կեանքի առաւել կազմակերպութեան եւ բարօրութեան սատարեցիք իսկական բարի օրինակ մը ըլլալով նոր սերունդին։»

Այնուհետեւ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան, Յակոբ Ալթունեանի կուրծքը զարդարեց «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» պատուոյ բարձր շքանշանով ու յանձնեց իրեն սրբատառ կոնդակը։

Donate