Հոգեւոր Հովիւի Խօսքը Սբ. Զատկի Առիթով

Հոգեւոր Հովիւի Խօսքը Սբ. Զատկի Առիթով

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» Մարկոս 5։36

Սիրելիներ ի Քրիստոս,

Մեծ ուրախութեամբ կու գամ ձեզի հետ բաժնելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան բարի լուրը, որը լոյսի եւ յաւիտենական կեանքի բացարձակ յաղթանակն է խաւարի եւ մահուան դէմ։

Առօրեայ մեր կեանքը լի են բազմաթիւ դժուարութիւններով եւ անսպասելի հիւանդութիւններով, որոնք բնական կերպով կը մտահոգեն մեզ եւ երբեմն վախի զգացում կը յառաջացնեն մեր մէջ։

Կը խնդրեմ յիշեցէք, որ Աստուած միշտ պահապան է Իրեն հաւատացողներուն։

Սբ. Զատկուայ տօնին, յարուցեալ Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին կը դիմէ նոյն խօսքերով՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Հաւատքով եւ սրտաբուխ աղօթքով է, որ մենք կը փարատենք մեր մտահոգութիւնները, կը յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած բոլոր վտանգներն ու փորձութիւնները։

Արդ, Սբ. Յարութեան լոյսով եւ հաւատքով նորոգուած, եկէք միասնաբար փառաբանենք զԱստուած ըսելով՝ «Փառք Յարութեան քո Տէր, պիտի չդադրիմ Քրիստոս, օրհնել Քեզ, իմ կեանքի բոլոր օրերուն»։

Սիրելիներս, թող Քրիստոսի Սուրբ Յա­րութեան կենսատու լոյսն ու խաղաղութիւնը ձեզի հետ ըլլան, այսօր եւ յաւիտեան։

Ձեր բոլորի քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար,

Մնամք սիրով աղօթարար՝

Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան

Գանատահոյց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ

Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

 

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԻՒՂԱԳԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Մայր եւ Սուրբ Եկեղեցին` մեր հոգիներուն ծննդավայրը,
կ’ապրի եւ կը գործէ որովհետեւ հայ ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները ունին պայծառ
գիտակցութիւնը աջակից դառնալու անոր` իրենց նիւթաբարոյական զոհողութիւններով:
Տօնական օրերու այս ուրախ առիթով, յիշեցէք Ձեր Եկեղեցին եւ սրտաբուխ նուէրներով
կանգուն պահեցէք հայոց հաւատքի աննկուն բերդը:

 

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ

Սբ. Յարութեան տօնի առթիւ բնակարանի եւ գործատեղիի օրհնութեան համար կը խնդրուի
նախապէս հեռաձայնել Եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 416-431-3001 թիւին, ժամադրութիւն նշանակելու
Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանին եւ Հովիւի Օգնական՝ Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի հետ:

Donate