Մատաթ Բ. Մամուրեան
Գանատահայոց թեմի հովանիին տակ գործող Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Կեդրոնական խորհուրդը (WGCC), 29 Մարտ 2025-ին կազմակերպած էր միօրեայ ուխտագնացութիւն մը դէպի Սէնթ Քաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցի, մաս կազմելու աւանդութիւն դարձած «Հայ Եկեղեցանուէր Տիկնանց» օրուայ ծրագրին:
Առաւօտեան ժամը 8:30-ին շրջապտոյտի մասնակցողները ժամանեցին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ շրջափակը. մեկնելէ առաջ, Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Տէր հօր կ՛ընկերակցէր նաեւ՝ երէցկին Մակի Թանաշեանը:
Հանգիստ ճամբորդութենէ ետք, ուխտաւորները ժամանեցին Սէնթ Քաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցի եւ դիմաւորեցան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի, եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեանի, Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու կողմէ:
Հաւատացեալները առաւօտեան ժամը 10:30-ին ներկայ եղան Մեծ Պահոց Արեւագալի ժամերգութեան եւ հոգեհանգիստի արարողութեան, հովուապետութեամբ՝ թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի։ Ժամերգութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան, Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Արժ. Տ. Բարսեղ Ա. Քհնյ. Վանլեան, եւ բարշ. Ալպէր Սրկ. Ամաթօ, ապա հաւատացեալներու խնդրանքով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղեկութիւններ տուաւ Օնթարիոյի մէջ 1930-ին կառուցուած հայկական առաջին եկեղեցւոյ մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկ. Տիանա Պօղոսեանին, խորհուրդի անդամուհիներուն եւ Սէնթ Քաթրինզի Ծխական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեան:
Յաջորդաբար, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին Տիկնանցի կողմէ պատրաստուած Պահքի ճաշերը:
Բարի գալստեան եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերով հանդէս եկան հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան եւ Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Տիանա Պօղոսեան: Համիլթընէն, Գոհար Ղազարեան, ներկայացուց Միջինքի ճաշերու իմաստն եւ սովորութիւնները։ Օրուայ դասախօս՝ Անի Քէրամէթլեան (Միսիսոկայէն) ներկայացուց «Կնոջ դերը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» թեմայով դասախօսութիւն։ Ճաշկերոյթի հովանաւոր՝ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Սէնթ Քաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու հիւրընկալութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Տիանա Պօղոսեանը եւ խորհուրդի անդամուհիները, Պատուոյ հիւր՝ Տիկ. Լուիզա Քէրիմը եւ գործակից անդամներ՝ Տիկ. Անիթա Օհաննէսեանը, Տիկ. Այտա Աֆարեանը, Տիկ. Սիլվա Մէրմէրը, Տիկ. Ֆրանս Գանտահարեանը եւ Օրդ. Անի Քէրամէթլեանը։ Սրբազան Հօր Պահպանիչով վերջ գտաւ ճաշկերոյթի հանդիսութիւնը:
«Niagara on the lake»շրջագայելէ ետք, բնութեան գեղեցիկ տեսարանները վայելելով գոհունակ սիրտով խումբը վերադարձաւ Թորոնթօ:
Մասնակիցները իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն:
Վարձքերնիդ կատար: