ՀԱՅԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՀԱՅԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

 

 Յարութիւն Դերձակեան
Քաղաքիս յայտնի ազգային գործիչներէն, ճարտարագէտ, բարերար, Մխիթարեանի նախկին սան, նորոգ հանգուցեալ Հայկ Միսաքեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 13 Փետրուար 2019 Չորեքշաբթի, առաւօտ ժամը 11.00 ին Թորոնթոյի Ս. երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ։ Հակառակ խստաշունչ եղանակին եւ զօրաւոր բուքին ներկայ էին հանգուցեալին բարի յիշատակը յարգող սգակիր բարեկամներու, ընկերներու հոծ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հայկ Միսաքեան այն ազգայիններէն էր որ աւելի քան յիսուն տարիներ Գանատայի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գործունէութիւն ունեցած էր, որպէս սարկաւագ սպասարկած էր նաեւ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ խորաններուն։ Հայաստանի մէջ տարած էր բեղուն աշխատանք։ Ան երկուորեակ եղբայրն էր Պոլսոյ ազգային բարերարներ Տիկ. Մօնիք Երկանեանի, աներձագը Պրն. Արէտ Երկանեանի։
     Արարողութեան կը հանդիսապետէր Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ՝ Բարձշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, իր բարձր ներկայութեամբ կը պատուէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Բարձշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, որ երկար տարիներ իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերած է Գանատայի թեմէն ներս նախ որպէս հոգեւոր Հովիւ, ապա որպէս թեմակալ Առաջնորդ։ Սրբազանը յատկապէս ժամանած էր Լոս Անճէլըսէն ի յարգանս հանգուցեալի բարի յիշատակին։ Ներկայ էին նաեւ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան Օնթարիօ Նահանգի պատուակալ հիւպատոս Պրն. Վարուժան Լափոյեան։
    Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Բրշ. Կարպիս սրկ. Չիչէքեան եւ Նուրհան սրկ. Իփէքեան։ Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով կատարուեցաւ Լենա Պէյլէրեանի կողմէ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի։
     Հանգուցեալի երէց որդին Տարօն Միսաքեան սրտի խօսքը փոխանցեց, իր հօր կեանքէն յիշատակներ թուեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ Ապա խօսք առաւ Հ. Հ. պատուակալ հիւպատոս Պրն. Վարուժան Լափոյեան, որ իր սրտի խօսքէն ետք կարդաց Հ. Հ. Գանատայի Դեսպանատան ուղարկած ցաւակցական նամակը։
     Այնուհետեւ Աբգար Սրբազան գանատահայոց թեմի, հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասի, ինչպէս նաեւ Մոնրէալահայութեան անունով Միսաքեանի ընտանեկան պարագաներուն իր վշտակցութիւնները յայտնեց։  Իր մխիթարական խօսքերը փոխանցելու համար հրաւիրեց  Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սրբազանը։ 
      Յովնան Սրբազան հետեւեալ խօսքերով արտայայտուեցաւ «Սաղմոսերգուի այս բառերը որպէս առաջնորդող մտածում ունենալով կ՚ ուզեմ  փոխանցել հետեւեալը ». Օրհնուած է այն մարդը որ Աստուծոյ տան մէջ կը բնակի։ Ապրուած կեանքի մը պատկերը կը ներկայացնենք, նաեւ անոր հոգեւոր կեանքի ճանապարհօրհնութիւնը որ եկեղեցւոյ մէջ եղաւ եւ նաեւ իր տունը եկեղեցիի վերածեց։
      Սկսելով Պոլիսէն, Մոնրէալի մէջ հայ եկեղեցասէր, տեսլապաշտ երիտասարդը դարձաւ եւ «Երիտասարդաց միութիւն»ը հաստատեց իր տեսիլքին հաղորդակից դարձնելով նաեւ իրեն հասակակիցները։ Ծառայեց եկեղեցիին, ծառայութիւնը շարունակեց Թորոնթոյի մէջ եւս։ Բազում եղան առաքելութիւնները։ Սրբազանը օրինակներ նշեց այդ առաքելութիւններէն։
Հարիւրաւոր երիտասարդներու կեանքին բերաւ պայծառակերպութիւն, օգնեց զանազան հեռաւոր երկիրներու մէջ ապաստանած երիտասարդներուն։ Այս բոլորը ճշգրիտ կերպով կազմակերպեց, իր կողքին ունենալով աշխատակիցներ եւ կամաւոր ծառայողներ։ Յոյս բերաւ մարդկանց կեանքին։
       Յովնան Սրբազան իր հիւթեղ խօսքերու աւարտին ցաւակցութիւններ յայտնեց ընտանեկան պարագաներուն։
        Ապա Հայկ Միսաքեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Եորք գերեզմանատան հայկական բաժինը, ուր եւս թաղման մասնակցեցան երկու Սրբազանները ու Տէր Հայրը։ Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։ 

Donate