Մատաթ Բ. Մամուրեան
Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 17, 2011-ին առաւօտեան «Can-Ar» Ընկերութեան կողմէ տրամադրուած հանգստաւէտ օթօպիւսով Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբը ընկերակցութեամբ Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան (CAAPA) անդամ-անդամուհիներու, այցելութիւն մը տուին, Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցին (հիմնուած 1930-ին) ուր դիմաւորուեցան Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Յարութիւն Մինոյեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու կողմէ:
Հայրենի արուեստագէտները 30 երկսեռ անդամներէ բաղկացած, խմբավար Ռոբէրթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ երգեցին «Սուրբ Սուրբ»ը: Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Յարութիւն Մինոյեանը, ինչպէս նաեւ տուաւ Գանատայի մէջ 1930-ին կառուցուած Հայց. Առաք. Առաջին Եկեղեցւոյ պատմականը եւ իբրեւ յիշատակի նուէր խմբավար Ռ. Մլքէեանի յանձնեց եկեղեցւոյ շրջանակուած նկարը: Պրն. Ռ. Մլքէեան խումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Յ. Մինոյեանին իրենց այս ջերմ ընդունելութեան համար: Ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով եւ յիշատակի խմբային նկարահանումէ ետք մեկնեցան գնահատելով այս գաղութին խաղացած կարեւոր դերը եւ կատարած ներդրումը մանաւանդ Գանատահայութեան իբրեւ համայնք կազմաւորման դժուարին տարիներուն:: Շարունակելով շրջապտոյտը խումբը այցելեց «Niagara on the Lake» գեղատեսիլ վայրը եւ քալեցին անոր փողոցներով յիշատակի նկարներ առնելով: Որմէ վերջ յիացումով ականատես եղան Նիակարայի սքանչելի ջրվէժին ուր եւս յիշատակի նկարներ առին: Թորոնթօ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելեցին «CN Tower» որմէ վերջ ուշ երեկոյեան ժամանեցին պանդոկ:
Երգչախումբի անդամ-անդամուհիները Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 19 եւ 20, 2011-ին գտնուեցան մայրաքաղաք Օթաուա, ուր հիւրասիրուեցան Հայաստանի Դեսպանատան մէջ ինչպէս նաեւ ծանօթացան Օթաուաբնակ հայութեան հետ:
Հինգշաբթի երեկոյեան, Թորոնթօ վերադարձին, անոնք հիւրասիրուեցան ընթրիքով մը, հիւրանոցի սրահներէն մէկուն մէջ, ուր շնորհակալական խօսքերէն ու նուէրներու փոխանակումէն ետք, որպէս գիշեր բարի անոնք ներկայացուցին քանի մը խմբերգներ:
Ուրբաթ Հոկտեմբեր 21, 2011-ին բաժանումի պահն էր: Այցելեցին Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի ուր Տէր Զարեհ Զարգարեանի օրհնութեան աղօթքէն ու բարի ճանապարհի խօսքերէ ետք բարձրացան օթօպիւս մեկնելու համար օդակայան: Վարչական անդամներու ընկերակցութեամբ անոնք տեսան կարեւոր հաստատութիւնները Թորոնթօ քաղաքի ինչպէս Bloor Street, Museum, Parliement Building, City Hall, Bay Street, CN Աշտարակը եւ շրջակայքի հսկայ շէնքերը Lake Ontario եւ այլն, վերջին գնումները ընելէ ետք ուղղուեցան օդակայան մեկնելու St. Petersburg ուր երկու ելոյթներ ծրագրուած են:
Կը շնորհաւորենք CAAPA-ի վարչութիւնը եւ անոր ատենապետուհին Տիկ. Լենա Ուզունեանը: Որոնք ոչ մէկ ճիգ չխնայեցին երգչախումբի մէկ շաբթուայ կեցութիւնը Թորոնթոյի մէջ դարձնելու համար հաճելի ու յիշատակելի:
Վարձքը կատար բոլորին: