ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՄԵՐԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՄԵՐԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 20 ամեակին եւ հայ գրքիտպագրութեան 500 ամեակին նուիրուած երաժշտական այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15Հոկտեմբեր 2011 Շաբաթ երեկոյ, «Տը Կլոպըլ Քինկտըմ Մինիսթրի» եկեղեցւոյ շքեղ սրահինմէջ աւելի քան 500 երաժշտասէրներու ներկայութեան, որոնք եկած էին այստօնակատարութեան մասնակից դառնալու։

Այս երեկոյթը, որ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բագրատ Ս. Եպս. Գալստանեանիհովանաւորութիւնը կը վայելէր, կազմակերպուած էր Առաջնորդարանի հովանիին տակգործող «Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան» (CAAPA)-իկողմէ։

wIMG_4391

Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռոպէրթ Մլքէեան 2008 ին հրաւիրուած է ստանձնել գեղարուեստական ղեկավարի եւ գլխաւոր խմբավարի պաշտօնը։ Կարճ ժամանակի մէջ Ռոպէրթ Մլքէեանի գլխաւորած երգչախումբը ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյն  սենեկայիներգչախումբ եւ վերանուանուած է «Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբ»։

Այս յաջողութեան առ ի գնահատանք ան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի»շքանշանով։ Պր. Մլքէեան նախ օփերայի եւ նուագախումբի, ապա երգչախումբի որպէսղեկավար Երեւանի մէջ արժանացած է տօքթորայի տիտղոսին։

Արհեստավարժ այս երգչախումբը բաղկացած է 35 երկսեռ անդամներէ։ Իրենց երգացանկը կը ներառնէ միջնադարեայ եւ ժամանակակից աշխարհահռչակ հայ եւ օտար երաժիշտներու եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։

wIMG_4573

Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբը յաճախակի համերգեր կը սարքէ Երեւանի մէջ եւ նաեւ բարեգործական ծրագիրներ կ՜իրականացնէ Հայաստանի տարբեր մարզերու տարածքին։ Կ՜օժանդակէ երգչախմբային արուեստի լայնօրէն տարածման հայ հանրութեան։ Երգչախումբը երաժշտահանդէսներ սարքած է Եւրոպայի զանազան քաղաքներու հանրածանօթ հանդիսասրահներուն մէջ, արժանանալով բարձր գնահատանքի։

wIMG_4818

wIMG_4861

Պարմանուհի եւ պարմանի մը կողմէ Գանատայի եւ Հայաստանի դրօշակները բեմ բարձրանալէ ետք, երեկոյթը սկսաւ եւ ունկնդրուեցան զոյգ երկիրներու ազգային քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկան ծանօթ մտաւորական ու կրթական մշակ՝ ԱնդրանիկՉիլինկիրեան (հայերէն) եւ CAAPA ի ատենապետուհի՝ Լենա Ուզունեան (անգլերէն)։

Պր. Չիլինկիրեան իր խօսքերուն սկսաւ Գեղամ Սարեանի «Յաւերժական Հայաստան» քերթուածէն առնուած քառեակով մը, ապա ողջունեց երաժշտասէր ներկաները ու իր խօսքերը շարունակելով ըսաւ, « Ազնիւ հոգիներն են որ կրնան հասկնալ երգին ու երաժշտութեան արժէքը եւ ստեղծել ու մեկնաբանել զայն, իսկ փոխադարձաբար երաժշտութիւնը ստեղծող ոյժն է ազնիւ հոգիներուն։ Այն ազնիւ հոգիներէն է Կամերային  երգչախումբի գեղարուեստական խմբավար՝ ղեկավար Ռոպէրթ Մլքէեան, որուն ճարտար մեկնաբանութիւնը ուկնդրելու եկած ենք այս գիշեր » խօսքերէն ետք, բարի վայելք մաղթեց ներկաներուն։

wIMG_4864

Լենա Ուզունեան մեծ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ ողջունեց ներկայութիւնը Կամերային Երգչախումբի Թորոնթօ անդրանիկ այցելութեան առիթով,  ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց երգչախումբին, խմբավարին ինչպէս նաեւ օրուայ յայտագրի մասին, որուն առաջին մասը նուիրուած էր հայ երաժշտութեան հայրը նկատուող Կոմիտաս Վարդապետի գործերուն։ Տիկ. Ուզունեան շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն  յայտնեց բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին համերգի յաջողութեան։

wIMG_0438

Շատ ճոխ յայտագիր մը պատրաստուած էր, որուն առաջին մասը սկսաւ Կոմիտասի «Հայր մեր» ով եւ յաջորդաբար շարունակուեցաւ « Սիրտ իմ սասանի », «Երկնից գետնից», «Մերիկ ջան հալալ», «Թագւորի մեր, դուս արի», «Թագւոր բարով», «Էն դիզան», «Առնեմ երթամ իմ եարը» կտորներով։

Դաշնակի վրայ երեք մանկական նուագներու կատարումէն ետք «Մոկաց Միրզա», «Գութաներգ», «Քելեր ցոլեր», «Սոնա եար» կտորները ներկայացուեցան։ Որուն յաջորդեցին կրկին դաշնակի վրայ երեք մանկական նուագներ եւս, ապա «Չինար ես» կտորը։

Հայ գեղջուկ պարերգներէն գեղեցիկ փունջով մը հանդէս եկան « Եարիս անուն Պալապան », « Աղջի, անունդ Շուշան », « Կալերի ճամբին կեցայ », « Բաղի պատը դդում ա », « Պուճուր աղջիկ սեւաւոր », « Վարդ ա եարս » եւ « Հոյ իմ նազանի եարը » կտորներով։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ « Օրօր », « Հաբրբան », « Ել, ել » սայլի երգերով, այսպէսով յայտագրի առաջին մասը իր աւարտին հասաւ « Լոռու գութաներգ » կտորով։

Առաջին մասին մէջ մերթ ընդ մերթ իրենց գեղեցիկ ձայներով երգերուն մասնակցութիւն բերին մենակատարներ՝ սոփրանօ Մանէ Գալոյեան, թէնօր Վրէժ Ղարիբեան, պաս Յովսէփ Նշանեան եւ մեցցօ սոփրանօ Աշխէն Թադեւոսեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Նուարդ Ալոյեան եւ Լիանա Աբրահամեանի։ Աւարտին երգչախումբը ու մենակատարներ արժանացան բացառիկ ջերմ գնահատանքի։

wIMG_4986

ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
Յաջորդ օր 16 Հոկտեմբեր Կիրակի առաւօտ, Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, պատարագիչն էր թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բագրատ Ս. Եպս. Գալստանեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանն եւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ, իսկ երգեցողութիւնները Կոմիտասեան եղանակով խիստ տպաւորիչ ու ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ՝ Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբի կողմէ խմբավարութեամբ՝ Ռոպէրթ Մլքէեանի, յիշեցնելով մեզ Պոլսոյ երգչախումբերու գեղեցիկ Կոմիտասեան երգեցողութիւնները։

Յաւարտ Ս. պատարագի Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ապա շնորհաւորեց երգչախումբը, խմբավարն ու Շաբաթ օրուայ ելոյթը կազմակերպող CAAPA ի անդամները։

 

 

Donate