ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

– Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի Յունիս 12, 2016, կեսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ:  Հրաւիրեալներու, բարերարներու շարքին ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկ. Աբէթ Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան, Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ Վարժարաններու նախկին եւ ներկայ տնօրէններ, մշակութային միութիւներու ներկայացուցչներ եւ ծնողքներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն մուտքով: Բացումը կատարուեցաւ «Հայր Մեր»-ով եւ շարականներով: Տիկին Հռիփսիմէ Սիմոնեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Կիրակնօրեայ Վարժարանիս առաքելութիւնն է սերունդներուն դաստիարակել քրիստոնէական հաւատքի ոգիով եւ  ամենակարեւորը այն է, որ անոնք Աստուածաշունչէն քաղուած դասերն ու համամարդկային արժեքները գործադրեն իրենց կեանքի բոլոր ասպարեզներու մէջ»:

IMG_0794

Աշակերտները յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ներկայացնելով  աղօթքներ, կարդալով  արտասանելով Սաղմոսներ ու առակներ քաղուած Աստուածաշունչէն: Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում ձեռամբ Տէր հօր եւ Տնօրէնուհի Տիկ. Սօսի Պարոնեանի: Շրջանաւարնետը եւ աշակերտները ստացան զանազան մրցանակներ՝ տրամադրուած Թորոնթոյհայ կազմակերպութիւններու եւ անհատ ազգայիններու  կողմէ:

Տնօրէնունի Տիկ. Սօսի Պարոնեան տուաւ վարժարանի գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ըսաւ.« շնորհիւ տնօրէնութեան  եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ աշխատանքին վարժարանը դարձած է մտերմիկ, հարազատ եւ տաքուկ հաւատքի տուն մը»: Շարունակելով իր խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեանին եւ անդամներուն, բարերարներուն եւ ծնողքներուն, որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին վարժարանի գործունէութեան: Շնորհակալութիւններ յայտնեց նաեւ ամավերջի հանդէսի մրցանակ յանձնողներուն՝ Տիկ. Սիրվարդ Միքայէլեանի, Տիկ. Սեդա Գանտահարեանի, Օրդ. Սրբուհի Էվրանի եւ Թորոնթոյի Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

Տէր Զարեհ իր մաղթանքները փոխանցեց, շնորհավորեց ուսուցչական կազմը, օգնականները, Տնօրէնուհի Տիկ. Սօսի Պարոնեանը եւ առ ի գնահատանք իր նուիրեալ 20-ամեայ ծառայութեան Կիրակնօրեայ վարժարանէն ներս իբր ուսուցչուհի եւ Տնօրէնուհի: Ձեռամբ Տէր Հօր եւ Ծխական Խորհուրդի  Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեանի Տիկ. Պարոնեան ստացաւ յուշատախտակ մը: Ծաղկէփունջերով եւ յիշատակի նուէրներով պատուեցան նաեւ ուսուցչուհիներն ու օգնականները:

Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Ծնողքներ ու աշակերտներ հրաժեշտ տուին ուսուցիչներուն՝ վերամուտին տեսնուելու յոյսով: Հանդէսէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ առիթը ունեցան դիտելու աշակերտներու ձեռային աշխատանքները:

IMG_0859 (2)

w IMG_0875 (2)

 

Donate