Օժանդակութեամբ Թորոնթոյի քաղաքապետութեան եւ նախաձեռնութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճիմ Գարիճիանիսի, Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու յիշատակին նուիրուած ծառատնկում, Սքարպորոյի լ՚Ամորօ զբօսայգիին (L’Amoreaux Park) մէջ։ Սոյն ծրագրին մասնակցեցան նաեւ յոյն եւ հայ համայնքները։
Հայերս, ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ստանձնած էինք 150 ծառերու տնկումը։ Այս արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հայորդիներ, իրենց կողքին ունենալով Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցիէն Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը,Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն Վեր. Դոկտ. Րընէ Լեւոնեանը, որոնց օրհնութեան աղօթքով սկսաւ ծառատնկումը։
Ճիմ Գարիճիանիս՝ շրջապատուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Թորոնթոյի Մարմնի անդամներով։