ԷԿՈՒՄԷՆԻԿ ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԷԿՈՒՄԷՆԻԿ ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 
  Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր, 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն՝ նուիրուած Արցախի եւ Հայաստանի Զօրակցութեան եւ Խաղաղութեան:
   width=    
Աղօթահաւաքին Թորոնթոյի քոյր եկեղեցիներէն մասնակցեցան  Գերապայծառ Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզը (Թորոնթոյի  համայնքի Առաջնորդ), Գերաշնորհ Տէր Աթենակորոս Եպիսկոպոսը (Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան),  Հովիւ Փիթըր Նոթըպումը (Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար), Տէր Ամոնիոս Ա. Քհնյ. Կիորկիսը (Օնթարիոյի Ղպտի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Հայր Գանըն Ֆիլիբ Հապսընը (Թորոնթոյի Անկլիգան Առաջնորդարան), Տէր Փիթըր Ա. Քհնյ. Աւկերոբուլոսը (Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Տէր Պութրոս Քհնյ. Փիլիպոսը (Օնթարիոյի Ղպտի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան), Հայր Մարք Քոլովսքին (Թորոնթոյի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարան):
 width=
Իսկ Թորոնթոյի հայ եկեղեցիներէն ներկայ էին  Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը (Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ), Հոգշ. Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանը (Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ), Գեր. Եղիա Ծ. Վարդապետ Գիրէջեանը (Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ), Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանը (Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ), Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը (Սբ. երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական) եւ Տիար Յակոբ Ճանպազեանը (Ատենապետ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի):
 width=
Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի անունով Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Օրուայ միասնական աղօթքի կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, ան ներկայացուց եւ ատեան հրաւիրեց օրուայ պատգամաբեր՝ Թորոնթոյի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզը, որ իր պատգամին մէջ յուսադրեց հայ ժողովուրդին իր դժուարութիւններուն ընթացքին, հաստատուն մնալու իր հաւատքին մէջ, ապաւինելով Ամենակալ Աստուծոյ առաջնորդութեան:
 width=
Ժամերգութեան աւարտին ներկաները եկեղեցական թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գտնուող Եղեռնի Յուշարձան, ուր   Գերապայծառ Գարտինալ Թամըս Քրիսթըֆըր Քոլինզը եւ Գերաշնորհ Տէր Աթենակորոս Եպիսկոպոսը ծաղկեպսակ զետեղեցին։ Ապա Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հայոց բանակի նահատակ հերոսներու եւ անմեղ քաղաքացի զոհերու հոգիներուն ի հանգիստ, որոնք զոհուեցան Արցախի պատերազմի ընթացքին: 
Լուսանկարների շարունակութիւն
 width=
 width=
 width=
Donate