Երէցներու Տուներու Այցելութիւն

Երէցներու Տուներու Այցելութիւն

17 Յունուար 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ Զարգարեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյս սարկաւագ՝ Նուրհան Իփէքճեանի տեղի ունեցաւ «Երէցներու Տուներու Այցելութիւն» ծրագիրը (North York’s Seniors Health Centre)-ի մէջ, ուր յատուկ արարողութեամբ նշուեցան Նոր Տարին եւ Հայկական Սբ. Ծնունդը։

Կեդրոնի երէցներու առողջութեան եւ բարօրութեան համար Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան աղօթք մատուցեց, որմէ ետք սիրելի երէցները հաղորդութիւն ստացան։

Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Այցելութեան Յանձնախումբի նուիրեալ անդամուհիները յատուկ այս առիթին համար պատրաստած էին հայկական աւանդական ճաշատեսակներ։ Տիկին Լենա Պէյլէրեանի դաշնամուրի նուագակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ հաճելի եւ տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուած էր երէցներու տան մէջ։

Աւարտին, սիրելի երէցները իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին Նոր Տարուայ սեմին կազմակերպուած այս շատ յատուկ այցելութեան առթիւ։

Donate