ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԽՆՋՈՅՔ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԽՆՋՈՅՔ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԽՆՋՈՅՔ ՄԸ ՍԱՐԳԵՑԻՆ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

 

Գանատան այս տարի կը տօնէ իր հասարակապետութեան (Confederation )150 ամեակը։ Թորոնթոյի Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան ( CAAPA ) ի կողմէ կազմակերպուած գարնանային այս գեղեցիկ ձեռնարկը առ ի երախտագիտութիւն ձօնուած էր Գանատայի։ Երեկոյթին հովանաւորն ու կը նախագահն էր Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 20 Մայիս 2017  Շաբաթ երեկոյ, Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։

Ներկայ էին Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի կողքին՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, փոխ Առաջնորդ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Ատենապետուհի՝ Լենա Ուզունեան, ան յայտնեց թէ՝ աւելի քան 100 տարիներ առաջ աշխարհի ամէն կողմերէն հայեր ապահով ու լաւ կեանք մը ունենալու ակնկալութեամբ Գանատա եկան, որոնք այս հիւրընկալ երկրին մէջ դարձան տիպար ու լաւ քաղաքացիներ, նպաստելով անոր յառաջդիմութեան, մշակոյթին, շինարարական, արուեստական, առողջապահական եւ բոլոր մարզերուն մէջ։ Տիկ. Ուզունեան յատկապէս նշելով ըսաւ « Այսօր որպէս հպարտ հայեր մեր համեստ սոյն ձեռնարկով հոս հասակ առած, մեծցած երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու ելոյթով կու գանք մասնակից ըլլալ Գանատայի 150 ամեակին եւ ըսել՝- շնորհաւոր բարի տարեդարձ եւ դէպի նոր փայլուն հարիւրամեակներ- ։»

Երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճուլիա Միրզոյեան Միրզոեւ ( ջութակ ), Արթուն Միսքճեան ( դաշնակ ) եւ սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար։

Ճուլիա Միրզոեւ ծնած է 1996 Թորոնթօ, հայրենի համբաւաւոր երգահան, նշանաւոր յօրինող Եդուարդ ( Էտուարտ ) Միրզոյեանի ընտանիքէն, ան շատ փոքր տարիքին սկսած է ջութակի, շահած է զանազան առաջնութեան մրցանակներ, ներառեալ 2016 ին գանատական երաժշտական մրցանակը, իր մասնակցութիւնը բերելով նուագախումբերու, սենեկային նուագախումբերու եւ մենանուագներու։ Ճուլիա Միրզոեւ ներկայիս ստացած է զանազան կազմակերպութիւններէ կրթաթոշակներ Թորոնթոյի համալսարանի իր երաժշտական եւ ուսումնական շրջանին համար։ Որպէս գլխաւոր  ջութակահար ( concertmaster ) ըլլալով տեղ կը գրաւէ Թորոնթոյի համալսարանի նուագախումբին մէջ։

Նախկին Պոլսահայ  դաշնակահար Արթուն Միսքճեան, մօտաւորապէս չորս տարիներ առաջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկի մը առիթով առաջին անգամ հանրութեան առջեւ հանդէս եկած եւ եկեղեցին լեցնող ներկաներուն համար մեծ յայտնութիւն մը եղած էր։ Արթուն Միսքճեան հազիւ 22 տարեկան, ծնած է Պոլսոյ մէջ, 2010 ին  մասնակցած է « Փերա » Միջազգային մրցոյթին, ստանալով «Ամենալաւ պարօք երաժշտութիւնը ներկայացնող » մրցանակին։ Նոյն տարին Անգարայի մէջ մասնակցած է նաեւ Ֆ. Շոփենի դաշնակի մրցոյթին, ստանալով « Լեհական դեսպանատան մասնաւոր մրցանակը։ 2011 ին բարձր  նիշերով եւ մեծ յաջողութեամբ աւարտած է Պոլսոյ  « Միմար Սինան » պետական երաժշտանոցը, աշակերտած է Փրոֆ. Մէթին Ութքուի։ 2015-2016 տարիներու ամառուայ շրջանին աշխատած է Սպանիոյ մէջ։ Ներկայիս ան իր ուսումը կը շարունակէ Թորոնթոյի համալսարանի երաժշտութեան բաժնին մէջ, ստանալով բազմաթիւ կրթաթոշակներ։

Սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնարի մասին զանազան առիթներով արտայայտուած ենք այս սիւնակներու մէջ, ան Թորոնթոյի համալսարանէն երաժշտութեան եւ նաեւ մանկավարժական ճիւղերէն ներս պսակաւոր աստիճանով ղրջանաւարտ ըլլալէ ետք,   ներկայիս իր ուսումը կը շարունակէ « Կլէն Կուլտ » վարժարանին մէջ, հետեւելով « Artist Diploma Program » ծրագրին, որուն առաջին տարին յաջողութեամբ աւարտած էր։

Յայտագրին առաջին մասը յատկացուած էր արեւմտեան դասական երաժշտութեան։

Նախ բեմ բարձրացաւ ջութակահար Ժուլիա Միրզոեւ, նուագեց  J.S. Bach ի « viola Sonata no. 2 in a minor » կտորը։ Յաջորդաբար Ժուլիա Միրզոեւ-ջութակ եւ Արթուն Միսքճեան-դաշնակ նուագեցին երեք մասերէ բաղկացած W.A. Mozart ի « Violin Sonata no. 32 K. 454 in B Flat Major» կտորը։

Այնուհետեւ հանդէս եկան սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տօքթ. Մայքըլ Պէրքովսքիի։ Օր. Իշնար յաջորդաբար իր բիւրեղեայ ձայնով ու անսայթաք մեկնաբանութիւններով երգեց G.Puccini ի «  O mio babbino caro  » from Gianni Schicchi, Sergei Rachmaninoff  ին «  Oh, Never sing to me again » եւ Ch.Gounod ի զուարթ մէկ կտորը «  Je veux vivre» waltz from Romeo et Juliette կտորները։ Հոս կ՚ուզենք նշել՝ թէ ծագումով հրեայ դաշնակահար Տօքթ. Մայքըլ Պէրքովսքի աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ մենահամերգներ սարգած է, ներկայիս իր անձնական դպրոցին մէջ ունի աշակերտներ, որոնք նահանգային, ազգային եւ միջազգային մրցումներու մէջ տեղեր գրաւած են։

Արթուն Միսքճեան այս անգամ հանդէս եկաւ մենանուագով մեկնաբանելով F. Chopin ի երկու կտորները, նախ « Two Mazurkas, Op. 30 » կտորը որ կը բաղկանար երկու մասերէ, ապա « Polonaise No.5 » in F-sharp minor, Op.44  կտորները, այսպէսով վերջացաւ յայտագրի առաջին արեւմտեան դասական մասը։ Բոլոր արուեստագէտները ստացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։

Միջնարարէն ետք յայտագրի երկրորդ մասը յատկացուած էր հայ դասական եւ ժողովրդական երգերու։ Առաջին առթիւ սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար յաջորդաբար եւ գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Կոմիտաս Վարդապետի « Քելէ քելէ », « Ձա՜յն տուր ո՜վ ծովակ » եւ    « Կռունկ » կտորները, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տօքթ. Մայքըլ Պէրքովսքիի։

Ապա Արթուն Միսքճեան դաշնակով վարպետօրէն մեկնաբանեց Կոմիտաս Վարդապետի դաշնակի համար մշակուած « Yerangi » 6 պարերը, եւ Արամ Խաչատուրեանի Կայանէ Պալէ էն « Օրօր » կտորները։

Սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար դաշնակի ընկերակցութեամբ Տօքթ. Մայքըլ Պէրքովսքիի այս անգամ մեներգեց՝ Համբարձում Պէրպէրեանի « Անոր » եւ Կոմիտաս վարդապետի « Ծիծեռնակ »

կտորները, այս վերջին կտորին մշակումը կատարուած էր Ռուբիկ Գրիգորեանի կողմէ, երգչուհին մասնաւոր ձայնի ելեւէջներով բացառիկ գեղեցկութեամբ մեկնաբանեց այս կտորը։

Արթուն Միսքճեան Առնօ պապաճանեանի « Էլէկիա » կտորով կրկին հանդէս եկաւ, ապա     ջութակահար Ճուլիա Միրզոեւ եւ Արթուն միսքճեան միասնաբար մեկնաբանեցին Արամ Խաչատուրեանի « Դիմակահանդէս » պալէ էն վալսը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց սրահին մէջ։

Որպէս վերջին կտոր երեք արուեստագէտներ Լին Անոյշ Իշնար, Ճուլիա Միրզոեւ եւ Արթուն

Միսքճեան միասնաբար բեմ բարձրացան ու մեկնաբանեցին Առնօ Պապաճանեանի « Չքնաղ երազ » կտորը, արժանացան երաժշտասէրներու յոտնկայս որոտընդոստ բուռն

ծափահարութիւններուն։ Որպէս պիսի կտոր հանդէս եկան J. S. Bach ի « Ave Maria » ով,  այսպէսով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։

Հոս կ՚ուզենք մասնաւորաբար նշել թէ  ջութակահար Ճուլիա (Միրզոյեան) Միրզոեւ եւ դաշնակահար Արթուն Միսքճեան կը խոստանան ապագայի վըրթիէօզներ ըլլալ։ Իսկ սոփրանօ

Լին Անոյշ Իշնար արդէն իսկ իր տաղանդը ապացուցած է օփերայի բեմերու վրայ տեղ գրաւելով։

Բոլոր արուեստագէտները կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ գեղեցիկ նուէրներ ստացան։ Այնուհետեւ Աբգար սրբազանի հուսք բանքով ու Տէրունական աղօթքով այս յիշատակելի օրը իր աւարտին հասաւ։ Ներկաներ մշակութային վայելքի անմոռանալի պահեր ապրելով ակամայ մեկնեցան եկեղեցիէն։

Ապա եկեղեցւոյ « Մարալ Իշխանեան » ներքնասրահին մէջ ձեռնարկին նեցուկ կանգնող բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն համար պատրաստուած պատշած հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։




 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Donate